Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նէն ետք Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ Զօ­րա­վար Անդ­րա­նի­կի ստո­րագրու­թեամբ հան­գա­նա­կու­թեան կտրօն­ներ հրա­պա­րա­կո­ւած են: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Թան­գա­րան-­Հիմ­նար­կի

հրա­պա­րա­կած «100 ի­րա­պա­տում Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին” գիր­քի նմուշ­նե­րէն մէկն ալ 1919 թ. վեր­ջին Ա.Մ.Ն.ի մէջ հրա­պա­րա­կո­ւած կտրօնն է` «Փր­կու­թեան Հան­գա­նա­կու­թեան» կեդ­րո­նա­կան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ, զոր կը ղե­կա­վա­րէր Անդ­րա­նիկ Օ­զա­նեան:

 

«Ար­մէնփ­րես»ի փո­խանց­մամբ, ինչ­պէս յայտ­նած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Թան­գա­րան-­Հիմ­նար­կի հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բա­ժի­նը, կտրօ­նի վրայ գրո­ւած է.- «Փր­կու­թեան հան­գա­նա­կու­թիւն Հա­յաս­տա­նի կա­րօ­տե­լոց»: Կեդ­րո­նին` հաւկ­թա­ձեւ շրջա­նա­կի մէջ, պատ­կե­րո­ւած է Խ­րի­մեան Հայ­րի­կի (Մկր­տիչ Խ­րի­մեան) դի­ման­կա­րը, զոր կի­սով չափ օ­ղա­կած դափ­նեպ­սա­կին գրո­ւած է՝ «­Հայ­րիկ»: Ն­կա­րի աջ կող­մը Ա.Մ.Ն.ի, իսկ ձա­խին` Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դրօշ­ներն են: Կտ­րօ­նին մէջ գրո­ւած է նո­ւի­րա­տո­ւի ա­նուն-ազ­գա­նու­նը` Ս­տե­փան Սո­ղո­մո­նեան եւ հան­գա­նա­կած գու­մա­րի չա­փը` 100 տո­լար: Ս­տո­րին հա­տուա­ծին՝ յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Անդ­րա­նիկ Օ­զա­նեա­նի եւ գան­ձա­պետ Կ. Մար­գա­րեա­նի ստո­րագ­րու­թիւն­ներն են:Կտ­րօ­նի աջ ան­կիւ­նին նկա­րո­ւած է հայ կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք մը` հայր, մայր եւ եր­կու ե­րե­խա­ներ, ո­րոնց­մէ մէ­կը, ձեռ­քե­րը ա­ռաջ պար­զած, հաց կամ դրամ կ’ա­ղեր­սէ: Ձախ ան­կիւ­նին պատ­կե­րո­ւած է Հա­յաս­տա­նը` Ա­րա­րատ, Սի­փան լեռ­նե­րով եւ Վա­նայ լի­ճով: