Քեսապցիները մտավախութիւն ունին, որ Թուրքիա կրնայ դրդել «Իսլամական Պետութիւն»ը (Ի.Պ. - ՏԱՀԵՇ) քայլեր ձեռնարկելու Քեսապի դէմ:
Այս մասին «Արմէնփրես»ի նշած է Քեսապի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի անդամ Կարօ Մանճիկեան` ա ւելցնելով, որ իրենց միակ մտավախութիւնը ատիկա է, սակայն դեռ որեւէ անհանգստացնող դէպք չէ արձանագրուած:
«Թուրքիա կրնայ նման առիթ տալ Ի.Պ.ին, ինչպէս որ ըրաւ անցեալ տարի «Ժապհաթ ալ Նուսրա»ի («Յաղթանակի Ճակատ») պարագային, որ յարձակուեցաւ Քեսապի վրայ»,- նշած է Կ. Մանճիկեան:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Քեսապի մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է, կեանքը երթալով աւելի բնականոն կը դառնայ: Մանճիկեանի խօսքով` համացանցը սկսած է աշխատիլ գիւղաքաղաքին մէջ, գիւղատնտեսութեամբ զբաղողները վերսկսած են իրենց աշխատանքները: Քեսապ սուրիական բանակին կողմէ ազատագրուեցաւ 15 Յունիս 2014ին եւ բնակչութեան մեծ մասը վերադարձաւ իր հողին: Քեսապի բոլոր հաստատութիւնները, տուները եւ բնակարանները, առանց բացառութեան, վնասներ կրած էին:
Քեսապի շրջանին վրայ յարձակումը սկսած էր Մարտ 21ին` Թուրքիոյ սահմանի ութ կէտերէ: Յարձակումը իրականացուցած էին «Ժապհաթ ալ Նուսրա» եւ «Ժէյշ ալ Իսլամ» («Իսլամական Բանակ») խմբաւորումները` Թուրքիոյ կառավարութեան անմիջական աջակցութեամբ: