Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ժը­նեւ կա­տա­րած իր վեր­ջին այ­ցե­լու­թե­նէն վե­րա­դար­ձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ ­Սու­րիոյ ­Հա­սա­քէի շրջա­նէն ներս ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թեան։ Ար­դա­րեւ, եր­կու օ­րեր ա­ռաջ իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կան­ներ յար­ձա­կած էին շրջա­նի ա­սո­րի գիւ­ղե­րուն վրայ, ե­կե­ղե­ցի­ներ այ­րած եւ շուրջ հա­րիւր հո­գի­ներ ա­ռե­ւան­գած։

Այս ա­ռա­ւօտ, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին այ­ցե­լեց ­Լեռ­նա­լի­բա­նա­նի ա­սո­րի հա­մայն­քի Ա­ռաջ­նորդ ­Մետ­րո­պո­լիտ ­Ճորճ ­Սա­լի­պա Ար­քե­պիս­կո­պոս։

Ան տե­ղեակ պա­հեց ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը շրջա­նէն ներս ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թեան մա­սին եւ յայտ­նեց, որ շուրջ հինգ հա­զար ա­սո­րի­ներ հե­ռա­ցած են ի­րենց գիւ­ղե­րէն եւ ա­պաս­տա­նած՝ ­Գա­միշ­լի։ ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը դա­տա­պար­տեց ա­սո­րի գիւ­ղե­րէն ներս ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու կող­մէ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կու­մը եւ ա­սո­րի­նե­րու ա­ռե­ւան­գու­մը ու շեշ­տեց միջ-քրիս­տո­նէա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

­Յի­շեալ հան­դի­պու­մին ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ պրն. Ա­րա ­Տէ­միր­ճեան։ Պրն. ­Տէ­միր­ճեան մնա­յուն կա­պի մէջ ըլ­լա­լով ­Հա­լէ­պի մեր հա­մայն­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը տե­ղեակ պա­հեց յատ­կա­պէս ­Գա­միշ­լիի շրջա­նէն ներս տի­րող ընդ­հա­նուր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ ­Նո­րին Սր­բու­թիւնն ու Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով կը հե­տե­ւին ընդ­հան­րա­պէս ­Սու­րիա­յէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն եւ ի­րենց ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը կ’ը­նեն օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն: