Գանատահայ յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեան այս օրերուն կը գտնուի Թուրքիա. ան ներգրաւուած է Միջազգային Անկախ Շարժանկարներու փառատօնի դատակազմին մէջ:
Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի հետ զրոյցի մը ընթացքին Արսինէ անդրադարձած է թուրքերու, հայերու, հայկական սփիւռքի եւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն մասին:
«Թուրքիոյ մէջ կը ներկայացուի Ցեղասպանութեան ժխտման վրայ կեդրոնացած, կտրատուած պատմութիւն, եւ թուրքերը կը խճճուին Հայոց Ցեղասպանութեան առերեսուելու հարցով: Այժմ կը հասկնամ, որ ատիկա շատ դժուար է»,- ըսած է Արսինէ Խանճեան:
Թուրքիոյ մէջ 5րդ, իսկ Պոլսոյ մէջ 3րդ անգամ գտնուող հայ դերասանուհին նշած է, թէ թուրքերու հետ առերես հանդիպիլը իրեն հնարաւորութիւն տուած է հասկնալու, թէ ինչո՛ւ այդպէս կը վարուի թուրք հասարակութիւնը: «Հասկցայ, որ թուրքերը շատ բաներ չեն գիտեր պատմութենէն: Ողջ կեանքի մէջ կը մեղադրուին անցեալի համար, սակայն իրականութեան մէջ այդ անցեալի մասին նուազագոյն պատկերացումը անգամ չունին»,- ըսած է ան:
Խօսելով Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու մասին` Արսինէ Խանճեան նշած է, թէ իրենք անոնցմէ շատ մեծ բան չեն ակնկալեր: «Սփիւռքի մէջ գիտեն, որ Թուրքիոյ հայերը վախի մէջ կ’ապրին: Սփիւռքը Թուրքիոյ հայերուն հետ կապը կորսնցուցած է: Մեր ժառանգութիւնը, մեր լեզուն, մշակոյթը կորսնցուցած ենք, սակայն Թուրքիոյ մէջ մնացած, այստեղ բնակող մարդոց հետ մեր շփումը կրնանք պահել ու շարունակել»,- ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցէն ետք, Արսինէ Խանճեան ըսած է.- «100րդ տարելիցի ձեռնարկները կը կատարուին պատմութիւնը վառ պահելու համար: 101րդ տարին ալ պիտի շարունակենք նոյն բաները ընել: Վերջապէս հասած ենք կէտի մը, երբ Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան հետ կրնանք խօսիլ: 50 տարի առաջ Ցեղասպանութեան մասին չէր խօսուէր: Այժմ այդպէս չէ: Այդ իսկ պատճառով ալ այդ ձեռնարկները կարեւոր կը համարեմ»:
Խօսելով Ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած շարժանկարներու մասին` Արսինէ Խանճեան ըսած է, թէ Ցեղասպանութեան մասին շարժանկարէն հայ հանդիսատեսին ակնկալիքները բաւարարելը գրեթէ անհնար է:
«Ցեղասպանութեան շուրջ այնքան երկար լուռ մնացած են, չեն խօսած, որ յայտնուած են կէտի մը վրայ, երբ հայ հանդիսատեսը չի գիտեր, թէ ի՞նչ կը փափաքի տեսնել շարժանկարին մէջ: Անոնք կ’ուզեն, որ շարժանկարը պատմէ ամէն ինչի մասին: Պատերազմի աւարտէն ետք Հոլոքոսթի պատմութիւնները սկսան պատմել, եւ հրեաները նման շարժանկարի կարիք չունեցան: Հայերու համար իրավիճակը այդպէս չդասաւորուեցաւ: Ցեղասպանութեան տարբեր կողմերը պատմել չկրցանք, եւ այժմ այդ բոլոր պատմութիւնները տեղ մը հաւաքելով` Ցեղասպանութեան մասին շարժանկար կ’ակնկալենք: Ատիկա իրագործելը հնարաւոր չէ»,- ըսած է ան: