Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Վա­տի­կա­նի պաշ­տօ­նա­կան ռա­տիո­կա­յա­նը իր կայ­քէ­ջին վրայ կը յայտ­նէ, թէ Հ­ռո­մի Ֆ­րան­սիս ­Պա­պը Ե­կե­ղե­ցա­կան ­Դոկ­տո­րի ­Կո­չում խնոր­հաց է ­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ սուր­բե­րէն՝ Գ­րի­գոր ­Նա­րեա­կա­ցիին։ Ֆ­րան­սիս ­Պա­պը իր ո­րո­խու­մը կա­յա­ցու­ցած է խորհր­դակ­ցե­լէ ետք ­Վա­տի­կա­նի ­Սուր­բե­րու հար­ցե­րու հա­մախմ­բու­մի տե­սուչ ­Կար­տի­նալ Ան­ճե­լօ Ա­մա­թո­յի հետ։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ­Դոկ­տո­րի կո­չու­մը կը տրո­ւի վաս­տա­կա­ւոր աս­տո­ւա­ծա­բան­նե­րու: Այս ան­գամ այդ կոչ­ման ար­ժա­նա­ցաւ ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցին, ո­րուն ­Կա­թո­լիկ աշ­խար­հի մէջ կը հա­մե­մա­տեն ­Սուրբ Օ­գուս­տի­նի հետ` հա­շո­ւի առ­նե­լով ա­ռա­ջին հեր­թին ոչ թէ  աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու քա­նա­կը, այլ ազ­դե­ցու­թիւ­նը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու մէջ:

Ն­շենք, որ 2015-ի ­Յու­նո­ւա­րին, ­Վա­տի­կա­նի մէջ ա­ւար­տե­ցաւ ­Սուր­բե­րու միա­բա­նու­թեան ժո­ղո­վը, ո­րուն ժա­մա­նակ անհ­րա­ժեշտ քայ­լեր ձեռ­նար­կո­ւե­ցան Հ­ռո­մի պա­պի յայ­տա­րա­րու­թեան հա­մար, ո­րով ան պի­տի յայտ­նէր, թէ ով պի­տի ստա­նայ ե­կե­ղե­ցա­կան դոկ­տո­րի կո­չում: Այդ ժո­ղո­վին ա­ռա­ջար­կո­ւած էր Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի ա­նու­նը։

­Նա­րե­կա­ցի մե­ծա­պէս նպաս­տած է հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ զար­գաց­ման: ­Նա­րե­կա­վան­քը, ուր ու­սա­նած է Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցին, 1915 թո­ւա­կա­նին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ հիմ­նո­վին ա­ւե­րո­ւած է։ Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցին 951-1003 ա­կա­նա­ւոր աս­տո­ւա­ծա­բան է եւ հայ հո­գե­ւոր գրա­կա­նու­թեան ան­զու­գա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը: Ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը թարգ­մա­նո­ւած են շատ լե­զու­նե­րով:

­Նա­րե­կա­ցիի գլուխ-գոր­ծո­ցը «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնն է՝ բաղ­կա­ցած 95 գլուխ­նե­րէ (բանք), ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը սկսի «Ի խո­րոց սրտի խօսք ընդ Աս­տու­ծոյ» տո­ղով:

­Հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, որ ­Նա­րե­կա­ցի միայն 52 տա­րի ապ­րե­ցաւ, ան գրա­կան եւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը ըն­ծա­յա­բե­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան գան­ձա­րա­նին։

­Թուր­քիա վճա­րած է Ե­գիպ­տո­սի մէջ պա­հո­ւող ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րող փաս­տա­թուղ­թե­րու բնաջնջ­ման հա­մար

 

Թր­քա­կան «­Տէ­մոք­րաթ ­Հա­պէր» առ­ցանց թեր­թին մէջ Հ­րանդ ­Գաս­պա­րեան ո­գե­կո­չե­լով ­Գա­հի­րէի մէջ լոյս տես­նող «­Վի­թօ» թեր­թը, ցնցիչ լրատ­ւու­թիւն մը կը կա­տա­րէ։ Ե­գիպ­տա­կան ար­խիւ­նե­րուն մէջ պահ դրո­ւած 1915-ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րող պե­տա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը բնաջն­ջե­լու հա­մար ­Թուր­քիա ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն տո­լար տո­ւեր է ­Գա­հի­րէի։
«­Ճի­հատ» կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր ­Շէյխ ­Նա­պիլ ­Նա­յիմ, Ե­գիպ­տո­սի կա­ռա­վա­րա­կան նիս­տի ըն­թաց­քին խօսք առ­նե­լով պնդած է, որ ե­գիպ­տա­կան ար­խիւ­նե­րուն մէջ պա­հո­ւած՝ 1915-ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րող փաս­տա­թուղ­թե­րու հրկիզ­ման հա­մար ­Թուր­քիա մէկ մի­լիոն տո­լա­րը գե­րա­զան­ցող գու­մար մը վճա­րած է Ե­գիպ­տո­սի եւ բնաջնջ­ման գոր­ծին մէջ բա­ժին ու­նե­ցած են նաեւ «­Մահ­մե­տա­կան եղ­բայր­ներ»ու ո­րոշ ան­դամ­ներ։ Ըստ «­Վէ­թօ»ի լրատ­ւու­թեան, հրկի­զո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ կը գտնո­ւէին այն­պի­սի տո­մար­ներ եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կրնա­յին ­Թուր­քիան նեղ կա­ցու­թեան մատ­նել մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու առ­ջեւ։ Ըստ թեր­թին, նաեւ ­Շէյխ ­Նա­յիմ պաշտ­պա­նած է այն տե­սա­կէ­տը, որ այս ա­րար­քին հա­մար ­Թուր­քիան պէտք է պատ­ժո­ւի։ Այն ա­տե­նո­ւան նա­խա­գահ ­Հոս­նի ­Մու­պա­րա­քի դէմ 2011 ­Յու­նո­ւա­րին, ­Գա­հի­րէի ­Թահ­րիր հրա­պա­րա­կին վրայ սան­ձա­զեր­ծո­ւած ապս­տամ­բու­թե­նէն ետք, երկ­րին մխրճո­ւած քաո­սա­յին մթնո­լոր­տին մէջ հրկի­զո­ւած էին պե­տա­կան բազ­մա­թիւ շէն­քեր։ Ըստ ձեռք ձգո­ւած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու, Ե­գիպ­տա­կան ­Հիմ­նար­կի շէն­քը, որ իր կար­գին հրկի­զո­ւե­ցաւ 2011 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, կը պատս­պա­րէր մեր­ձա­ւոր ա­րե­ւե­լեան եւ մի­ջերկ­րա­կա­նեան եր­կիր­նե­րու վե­րա­բե­րող փաս­տա­թուղ­թեր. կ­՚ը­սո­ւի, թէ մին­չեւ հրշէջ­նե­րու յա­պա­ղած մի­ջամ­տու­թիւ­նը, մոխ­րա­ցած է հոն գտնո­ւող փաս­տա­թուղ­թե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը։