Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Ա­սիոյ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Խոր­հուր­դը, ո­րուն մնա­յուն ան­դամ է ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը, գու­մա­րեց իր ­Գոր­ծա­դիր ­Վար­չու­թեան նիս­տը 9-13 ­Փետ­րո­ւար 2015ին, ­Պան­քո­քի մէջ:

­Սոյն ժո­ղո­վին ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց ­Թեհ­րա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Սե­պուհ Արք. ­Սար­գի­սեան, որ­պէս ան­դամ յի­շեալ վար­չու­թեան:

­Վար­չու­թիւ­նը ու­նէր օ­րա­կար­գի գլխա­ւոր եր­կու նիւ­թեր.- ա.) Ընդ­հա­նուր ­Քար­տու­ղա­րի ընտ­րու­թիւն եւ բ.) ­Խոր­հուր­դի 14րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վի քննար­կում, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Ճա­քար­թա­յի մէջ:

­Ժո­ղո­վը միա­ձայ­նու­թեամբ ­Դոկտ. ­Մա­թիու ­Ճորճ ­Շու­նա­քա­րան ընտ­րեց Ա.Ե.Խ.ի Ընդ­հա­նուր ­Քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նին:

­Դոկտ. ­Շու­նա­քա­րան կը պատ­կա­նի Հն­դիկ ­Մար ­Թո­մա ե­կե­ղեց­ւոյ, լայն փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց դաշ­տէն ներս եւ քա­ջա­տե­ղեակ է ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ու ա­նոր միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան շար­ժու­մին բե­րած կա­րե­ւոր ներդ­րու­մին: Ա­պա, ժո­ղո­վը քննար­կեց ­Ճա­քար­թա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք հա­մա­ժո­ղո­վին աշ­խա­տանք­նե­րը: ­Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, ­Սե­պուհ Սր­բա­զան անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին: ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­ցին եւ պար­տա­կա­նու­թիւն տո­ւին Ընդ­հա­նուր ­Քար­տու­ղա­րին, որ այս ուղ­ղու­թեամբ Ա­սիոյ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Խոր­հուր­դի ան­դա­մակ­ցող բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն պաշ­տօ­նա­կան նա­մակ գրէ, որ­պէս­զի 24 Ապ­րի­լին ա­ղօ­թեն մեր նա­հա­տակ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար: ­Նաեւ ո­րո­շո­ւե­ցաւ, որ Ա.Ե.Խ.ի ­Հա­մա­ժո­ղո­վը եւս յա­տուկ անդ­րա­դարձ ու­նե­նայ այս մա­սին: