Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ա­մե­րի­կեան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ կը հա­ղոր­դեն, թէ քա­նա­տա­հայ 17ա­մեայ ա­շա­կեր­տու­հի մը՝ Ա­նիա ­Փո­ղա­րեան, ստեղ­ծած է սարք մը, որ կրնայ յե­ղա­փո­խու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել բժշկու­թեան մար­զին մէջ եւ ամ­բող­ջո­վին փո­խել ա­րիւ­նը մաք­րե­լու (տա­յա­լի­սիս) գոր­ծըն­թա­ցը։ Ա­նիա, որ երկ­ րոր­դա­կան բա­ժի­նի ա­շա­կերտ է, մշա­կած է ա­րիւ­նը մաք­րող սար­քի նա­խա­տիպ մը, զոր կա­րե­լի է գոր­ծա­ծել նաեւ տան մէջ։ Այդ սար­քը կ­՛ար­ժէ միայն 500 տո­լար, մինչ ա­րիւ­նը մաք­րող սո­վո­րա­կան սար­քե­րը կ­՛ար­ժեն նո­ւա­զա­գոյ­նը 30 հա­զար տո­լար։

­Սար­քը ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րը ծնած է այն ժա­մա­նակ, երբ Ա­նիա ­Փո­ղա­րեան դպրո­ցա­կան ծրա­գի­րով մը կա­մա­ւո­րա­բար կ­՛աշ­խա­տէր քա­նա­տա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն ա­րեան մաք­րու­թեան բա­ժի­նին մէջ։ Երբ դպրո­ցին մէջ ի­րեն յանձ­նա­րա­րած են մշա­կել գի­տա­կան նա­խա­գիծ մը, ան ո­րո­շած է աշ­խա­տիլ ա­րիւ­նը մաք­րող նոր սար­քի մը ստեղծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­նիա իր գիւ­տին տրա­մադ­րած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 300 ժամ։

Ա­սի­կա ա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն ա­րիւ­նը մաք­րե­լու բժշկա­կան գոր­ծըն­թացն է։ Ա­րեան մաք­րու­թիւ­նը ա­րո­ւես­տա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ կը կա­տա­րէ այն նոյն աշ­խա­տան­քը, զոր կը կա­տա­րէ ա­ռողջ ե­րի­կամ մը. ա­րիւ­նը կ­՛առ­նէ մար­մի­նէն, կը մաք­րէ ու կը վե­րա­դարձ­նէ։ ­Գոր­ծըն­թա­ցը կը կա­տա­րո­ւի հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ, շա­բա­թա­կան ե­րեք ան­գամ՝ 3-4 ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ։

Ա­նիա ­Փո­ղա­րեան պատ­մած է, որ իր նա­խա­գի­ծով փա­փա­քած է դիւ­րաց­նել ա­րեան մաք­րու­թեան կա­րիք ու­նե­ցող հի­ւանդ­նե­րուն կեան­քը։ «Ես ու­զե­ցի, որ այդ հի­ւանդ­նե­րը չստի­պո­ւին ա­մէն ան­գամ հի­ւան­դա­նոց եր­թալ, քա­նի որ ա­տի­կա լուրջ հարց է բազ­մա­թիւ հի­ւանդ­նե­րու հա­մար։ ­Դիւ­րին չէ շա­բա­թը ե­րեք ան­գամ հի­ւան­դա­նոց եր­թալ, յատ­կա­պէս ե­թէ հի­ւան­դը տե­ղա­փո­խո­ւե­լու հար­ցեր ու­նի», ը­սած է ան։

­Կը հա­ղոր­դո­ւի, որ ­Փո­ղա­րեան ար­դէն բազ­մա­թիւ մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած է, իսկ քա­նա­տա­կան հի­ւան­դա­նոց մը զայն հրա­ւի­րած է ա­մառ­նա­յին վե­րա­պատ­րաս­տու­թեան դա­սըն­թաց­քի, ո­րուն ըն­թաց­քին փոր­ձար­կու­թեան պի­տի դրո­ւի ա­նոր գիւ­տը։