Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան, ելոյթ ունենալով «Հայոց Ցեղասպանութիւնը 100 տարի անց. Պատմութեան դասերը» կլոր սեղանի մասնակիցներուն առ ջեւ, կոչ ըրած է զգոյշ ըլլալ Եւրոխորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի նախագիծին արձանագրութեան հարցով:
Յունուար 29ին Եւրոխորհրդարանին մէջ արձանագրուած է բանաձեւի նախագիծ մը, որով պատգամաւորները կոչ կ՛ընեն Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախաձեռնութեան հեղինակներն են եւրոպական ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները: Բանաձեւին տակ ստորագրողներու շարքին են նաեւ ֆրանսական «Ազգային Ճակատ»ի անդամներ Մարին լէ Փեն, Լուի Ալիօ, Ժան Լիւք Շաֆհաուզըր եւ այլք: «Այդ ոճրագործութեան 100րդ տարելիցէն քանի մը ամիս առաջ նման նախաձեռնութիւնը, կարծես, պէտք է դրական արձագանգի արժանանար Եւրոպայի հայ համայնքին մէջ, եթէ չըլլար «բայցը»,- կը գրէ RFIը:
«Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը չեն պատկանիր ոչ մեզի, ոչ ալ որեւէ քաղաքական ուժի: Մենք չենք կրնար ոեւէ մէկը զրկել այդ ուղղութեամբ գործելու իրաւունքէն: Ինչ կը վերաբերի մեր կազմակերպութեան, մենք փորձած ենք ընել այնպէս, որ ոչ մէկ քաղաքական ուժ կարենայ իւրացնել զոհերու անունէն խօսելու իրաւունքը: Մենք միշտ ջանացած ենք նպաստել փոխ-զիջումին Ֆրանսայի բոլոր քաղաքական ուժերու միջեւ այս հարցով, որպէսզի ան շահարկումներու առարկայ չդառնայ»,- ըսած է Թորանեան:
«Ինչ կը վերաբերի ծայրայեղ աջակողմեաններուն, իրերը պէտք է իրենց անուններով կոչել այս նախաձեռնութեան պարագային, ապա պէտք է յիշեցնել, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բռնատիրական գաղափարախօսութեան արդիւնք է, որուն հիմքը մարդոց հանդէպ խտրականութիւնն է: Ինծի կը թուի, որ առնուազն զգուշաւոր պէտք է ըլլալ նման նախաձեռնութիւններու պարագային, յատկապէս երբ անոնք կը բխին շարժումներէ, որոնք կասկածելի դիրքորոշում ունին խտրականութեան հարցով»,- ըսած է ան:
Ինչպէս կը գրէ պարբերականը, հայ համայնքի զգուշաւորութիւնը միանգամայն հասկնալի է: Բաւական է յիշել, որ դեռ 2012ի Յունուար 29ին, Մարին լէ Փեն իր նախընտրական արշաւի ժամանակ ելոյթներէն մէկուն մէջ յայտարարեց.- «Ինծի կը վրդովեցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը»:
Այն ժամանակ ան մեղադրեց գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզին՝ Հայկական Հարցը քաղաքական նպատակներով օգտագործելուն մէջ: «Յանուն Ժողովրդական Միութեան» պատգամաւոր Վալերի Պուայէ ներկայացուց Ա.Ժ. օրինագիծ մը, որով կ՛առաջարկուէր քրէականացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Խորհրդարանը ընդունեց օրէնքը, սակայն աւելի ուշ ան մերժուեցաւ Սահմանադրական Դատարանին կողմէ:
«Ազգային Ճակատ»ի առաջնորդը, նախագահութեան թեկնածու ըլլալու ժամանակ, յստակ նախանշեց իր դիրքորոշումը հետեւեալ խօսքերով.- «Հարկաւոր է սկիզբէն զբաղիլ այն հարցերով, որոնք մեզի կը վերաբերին։ Ֆրանսայի խորհրդարանը պէտք չէ խառնուի հայ-թրքական պատմութեան»: Ան նշեց, թէ Թուրքիան, որ 2005էն ի վեր Ե.Մ. անդամակցութեան պաշտօնական թեկնածու է, տեղ չունի Եւրոպայի մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Ե.Մ.ին Թուրքիոյ անդամակցութեան պայմաններէն մէկն է:
Եւրոխորհրդարանը նախապէս արդէն ընդունած է համապատասխան բանաձեւ` 1987ին, որով պատգամաւորները կոչ ըրած են Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ բանաձեւի բնագրին մէջ կ՛ըսուի, որ ժամանակակից Թուրքիան պէտք չէ պատասխանատու ըլլայ այդ պատմական իրադարձութիւններուն համար եւ վերջինիս կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը չի յանգեցներ որեւէ քաղաքական, իրաւաբանական կամ նիւթական պահանջներու ներկայացման:
Փետրուար 12ին Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը ընդունեց «Մարդու իրաւունքները եւ ժողովրդավարութիւնը աշխարհի մէջ» ամենամեայ զեկոյցը: Զեկոյցը կը պարունակէ Հայաստանին վերաբերող քանի մը պարբերութիւն: Յատկապէս կարեւոր է, որ ի թիւս այլ հարցերու, անիկա յստակ մօտեցում կը ցուցաբերէ ցեղասպանութիւններուն եւ անոնց ժխտման նկատմամբ: «Մասնաւորապէս, յանձնաժողովի քուէարկած նոր յաւելուածներէն քանի մը հատը կը վերաբերին ցեղասպանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, կը դիմեն անդամ երկիրներուն ընդունելու Ցեղասպանութիւնը` կոչ ընելով անոնց եւ Ե.Մ. հաստատութիւններուն սատարելու անոր ճանաչման»,- կը բացատրէ «Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ» կազմակերպութեան տնօրէն Էտուարտօ Լորենզօյ Օչոա:
Յանձնաժողովը յայտարարած է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումը եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած այլ յանցագործութիւններու ժխտումը պէտք է դատապարտուին, եւ որակած է զանոնք որպէս մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու ուղղակի խախտում: Յանձնաժողովը նաեւ ընդունած է հայերու, եզիտիներու եւ տարբեր ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ Իսլամական Պետութեան կողմէ իրականացուող հալածանքները ընդգծող յաւելուած` կոչ ընելով Ե.Մ.ին եւ անդամ պետութիւններուն երաշխաւորելու անոնց ազատութիւնը: