Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Տին­քի ըն­տա­նի­քի փաս­տա­բան ­Հա­քան ­Պա­քըր­ճըօղ­լուն դի­մած է ­Պոլ­սոյ ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Դա­տա­խա­զու­թիւն` պա­հան­ջե­լով Հ­րան­դի սպա­նու­թեան գոր­ծով հար­ցաքն­նել եւս մէկ պաշ­տօ­նեայ: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «»Ար­մէնփ­րես»` վկա­յա­կո­չե­լով պոլ­սա­հայ «Ա­կօս» պար­բե­րա­կա­նը, փաս­տա­բա­նը պա­հան­ջած է հար­ցաքն­նել սպա­նու­թեան կա­տար­ման ժա­մա­նակ Տ­րա­պի­զո­նի ­Հե­տա­խու­զա­կան ­Բաժ­նի պե­տի պաշ­տօ­նը զբա­ղե­ցու­ցած Էն­կին ­Տին­չը:

­Պա­քըր­ճըօղ­լո­ւի հա­մոզ­մամբ` ­Տինչ հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լեր չէ ձեռ­նար­կած յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը կան­խե­լու նպա­տա­կով:

­Պոլ­սոյ «Ա­կօս» թեր­թի հայ խմբագ­րա­պետ Հ­րանդ ­Տինք սպան­նո­ւած էր 19 ­Յու­նո­ւար 2007ին` խմբագ­րա­տան առ­ջեւ կա­տա­րո­ւած զի­նեալ յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով: 17 ­Յու­նո­ւար 2012ին, դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մով, ­Տին­քի սպա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ Եա­սին ­Հա­յա­լը ցմահ բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ, յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած Օ­կիւն ­Սա­մաս­թը` 22 տա­րո­ւան ա­զա­տազրկ­ման:

2014 թո­ւա­կա­նի ­Հոկ­տեմ­բե­րին ­Պոլ­սոյ ­Ծանր ­Յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ­Գոր­ծե­րով 5րդ ­դա­տա­րա­նը ո­րո­շում կա­յա­ցուց Հ­րանդ ­Տին­քի սպա­նու­թեան գոր­ծով դա­տա­վա­րու­թիւ­նը սկսիլ զե­րո­յէն:

Այս ան­գամ բո­լոր ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րուն դէմ կ’ուղ­-ղո­ւի «յան­ցա­ւոր խմբա­ւոր­ման ստեղծ­ման եւ կա­ռա­վար­ման կամ ա­նոր մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու» մե­ղադ­րանք: ­Բա­ցի այդ, ­Տին­քի սպա­նու­թեան ժա­մա­նակ բարձր պաշ­տօն­ներ զբա­ղե­ցու­ցած 9 ան­ձեր, ո­րոնց շար­քին` ­Պոլ­սոյ նախ­կին ոս­տի­կա­նա­պետ ­Ճա­լա­լեթ­թին ­Ճեր­րա­հի նկատ­մամբ դա­տա­կան գոր­ծեր յա­րու­ցե­լու հա­մար ո­րո­շում­ներ ըն­դու­նո­ւած են: