Ամերիկեան հեռուստաստղ Քիմ Քարտաշեանի ծնողները հրաշքով փրկուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ յայտնուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Ամերիկեան «Daily Mail» թերթը անդրադարձած է Քարտաշեան ընտանիքի պատմութեան ու ներկայացուցած է դեռ չհրապարակուած փաստաթուղթեր, թէ ինչպէ՞ս Քարտաշեաները իւրայատուկ կերպով փախուստ տուած ու փրկուած են Առաջին Աշխարհամարտէն եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն:
«Արմենփրես»ի համաձայն, «Daily Mail» կը գրէ, որ այդ ժամանակ Քարտաշեանները կոչուած են Քարտաշովս՝ ռուսական տարբերակով: Ընտանիքը լքած է Արտահան գաւառի հայրենի Քարաքալա գիւղը 19րդ դարու վերջին եւ ուղեւորուել են դէպի Գերմանիա: Քիմի մեծ-մեծ հայր Թաթոս Քարտաշեան լքած է Քարաքալան 1913ին: Ան Գերմանիայէն տեղափոխուած է Ամերիկա, ուր եւ սկսած է անոր նոր կեանքը:
«Սարսափելի Ցեղասպանութենէն փրկուած Քարտաշեանները մէկ դար անց դարձած են Ամերիկայի ամենաազդեցիկ ընտանիքներէն մէկը, որու ներկայացուցիչներէն ամենայայտնին Քիմն է, ով յայտարարած է, թէ այս տարի՝ ոճրագործութեան հարիւրերորդ տարելիցին, առաջին անգամ պիտի այցելէ Հայաստան: Անոր ճոխ ապրելակերպը, թանկարժէք տուները, միլիոնաւոր հետեւորդները չէին իրականանար, եթէ անոր ծնողները անտեսէին մարգարէին զգուշացումները: Շատ հայեր, որոնք ականջ չտուին վերահաս պատերազմի եւ յեղափոխութեան զգուշացումներուն՝ սպաննուեցան»,- կը գրէ թերթը: Էրզրումէն հեռացածներու շարքին եղած է Քիմի միւս մեծ-մեծ հայրը՝ Յովհաննէս Միրոյեանը, որ ծնած է 1844ին: Յովհաննէս Միրոյեան ամուսնացած է Լուսիա Չորպաճեանի հետ 1867ին, Էրզրում (Կարին): Անոնք Էրզրումէն փախեր են դստեր՝ Վարդանուշի հետ: Վարդանուշի աղջիկը՝ շիկահեր Հայկուհի Առաքելեան, որ առաւելապէս յայտնի է Հելէն անունով, ծնած է 1917ին, Ա.Մ.Ն.: Հելէնը Քիմի մեծ մայրն է: «Հելէն Ամերիկայի մէջ կ’ամուսնանայ Քարտաշեաններու տոհմէն Թաթոս Քարտաշեանի որդուն՝ Արթըր Քարտաշեանի հետ եւ անոնք կը ձեռնարկեն միս փաթթելու ամենամեծ բիզնեսին (գործարարութեան): Հելէնի եւ Արթըրի որդին՝ Ռոպերթը, որ յայտնի իրաւաբան էր, կ’ամուսնանայ Քրիս Հոգթոնի հետ. անոնց դուստրն է Քիմ: Ռոպերթ Քարտաշեան մահացած է 2003ին՝ ստամոքսի քաղցկեղէ: Քիմի մեծ հայրն ու մեծ մայրը մահացած են Քալիֆորնիա, 2008 եւ 2012 թուականներուն»,- կը յայտնէ «Daily Mail»:
Յօդուածին մէջ ներկայացուած է նաեւ Քիմի մեծ ծնողներու ծննդավար գիւղին՝ Քարաքալայի ներկայ վիճակը: Ինչպէս 100 տարի առաջ, այնպէս ալ հիմա, մարդիկ հոն տակաւին ձիերով եւ էշերով կ’երթեւեկեն: Քաղաքակրթութիւնը դեռ գիւղ հասած չէ եւ պայմանները սարսափելի են: Գիւղին մէջ հիմնականը թուրքեր եւ քիւրտեր կ’ապրին: «Daily Mail»ի թղթակիցը գիւղին մէջ հանդիպած է 30ամեայ Մուա՛ամմէր Կապուրին, որ նշած է, թէ ինք Քիմի հեռաւոր ազգականն է: Ան վստահ է, որ անոնց մեծ ծնողները եղած են քոյրեր: Ան յայտնած է, որ գիւղին մէջ իրեն բոլորը կը նախանձին՝ հարուստ միլիոնատիրոջ բարեկամ ըլլալուն համար: Կապուր նաեւ յոյս յայտնած է, որ օր մը Քիմ զինք կը հրաւիրէ Ա.Մ.Ն.:
Յօդուածին մէջ անդրադարձ կայ Հայոց Ցեղասպանութեան: «Daily Mail» կը գրէ, որ 1915-1923 թուականներուն աւելի քան 1,5 միլիոն հայ սպաննուած է:
Ըստ թերթին՝ թրքական կառավարութիւնը կը հրաժարի ընդունելէ «ցեղասպանութիւն» բառեզրը՝ հակառակ որ շատ պատմաբաններ, միջազգային կազմակերպութիւններ եւ մօտ 2 տասնեակ երկիրներ ճանչցած են հայերու ջարդերը որպէս Ցեղասպանութիւն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Մեծն Բրիտանիան եւս չեն ճանչցած զայն՝ թերեւս խուսափելով անհանգստացնելէ Ն.Ա.Թ.Օ.ի իրենց առանցքային դաշնակից Թուրքիան: 2012ին Քիմ Քարտաշեան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւ սկսաւ: «ժամանակն է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մինչեւ որ այս յանցագործութիւնը չդատապարտուի, հայ ժողովուրդը կ՛ապրի այն ցաւով, որ տեղի ունեցած է իր ծնողներու ընտանիքներուն հետ 100 տարի առաջ»,- ըսած է ան: