Առանց որեւէ բացատրութեան կամ պատճառաբանութեան՝ Քոմիսիոն սառեցուցած է ատրպէյճանական ՍՈՔԱՐ ընկերութեան կողմէ յունական կազի ՏԵՍՖԱ ընկերութեան 66 առ հարիւրի վաճառքը, անորոշ ձգելով յոյն-ազերիական համաձայնութեան ապագան։ Ինչպէս յայտնի դարձաւ Քոմիսիոնի կայքէջին վրայ տեղադրուած տեղեկատուութենէն, որոշումը տրուած էր Յունուար 21ին, Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, բայց հրապարակումը եղաւ մի քանի օր առաջ։ Ինչպէս նախապէս ալ անդրադարձած էինք, Քոմիսիոնի որոշումը կայացած է Մրցոյթներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան զեկուցումին վրայ, որ կը քննարկէր ՏԵՍՖԱի 66 առ հարիւրի փոխանցման հարցը ՍՈՔԱՐին, 400 միլիոն եւրօ գումարի փոխարէն։ Քննութիւնը պիտի ամբողջանար 22 Ապրիլին, այսուհանդերձ, Յունաստանի ուժանիւթի նախարար Փանաեոթիս Լաֆազանիս, անցեալ շաբթու մէջ Պաքու մեկնելու ժամանակ, յայտնած էր թէ «ՏԵՍՖԱի ճակատագիրը ուղղակիօրէն կապակցուած է Եւրոպական Յանձնաժողովի Մրցոյթներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան զեկուցումի հրապարակման հետ, ուր կը քննուի տուեալ վաճառքի պարագան»։
Ի՞նչ կ’ըսեն ազերիները
Ատրպէյճանական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռովնակ Ապտուլայեւ համոզում յայտնած էր թէ Քոմիսիոնի մանրամասն հետազօտութիւնը երջանիկ աւարտ պիտի ունենար։ Ան շեշտած էր թէ «Քոմիսիոն որոշած է անցնիլ վաճառքի քննարկման գործընթացի երկրորդ փուլ, ինչ որ սովորական չէ, բայց խորքային հետաքննութիւն կ’իրականացուի յաճախ՝ պայմանագրերու ընթացքը լաւագոյնս քննելու նպատակով»։ Ան ընդգծած էր, թէ «ՍՈՔԱՐ կը գնահատէ ժամանակը եւ աղբիւրները որ Յանձնաժողովը եւ իր ծառայութիւնները ներդրած են այս գործին մէջ, որպէսզի լրանայ գործընթացը։ Մենք պիտի շարունակենք կառուցողական աշխատանք տանիլ Յանձնաժողովին հետ, որքան հնարաւոր է արագ՝ լրացնելու համար գործընթացը»։
Նշենք, թէ նախարար Լաֆազանիսի Պաքու այցելութեան առիթով, ՍՈՔԱՐի շրջանակներ կը պարզաբանէին թէ կազի TAP խողովակաշարի եւ ՏԵՍՖԱի ծրագիրը թերեւս ուղղակիօրէն կապ չունին իրարու հետ, այսուհանդերձ՝ մասամբ կապակցուած են, որովհետեւ ՏԵՍՖԱէն վերահսկուող ենթակառուցուածքները բնորոշ են ՍՈՔԱՐի վարած քաղաքականութեան, որ իր ներկայութիւնը կ’ուզէ պարտադրել եւրոպական տարածքներէն ներս։
Ի դէպ, ազերիներու կողմէ ՏԵՍՖԱի ընտրութիւնը, մէկ սկիզբէն կը դիտուէր՝ Պալքաններ եւ անկէ Եւրոպա ընդարձակուելու միջոց: