Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Շա­բաթ, 14 Փետ­րո­ւար 2015ին, նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­մեն. եւ Գերջ. Տէր Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կէ հա­յոց պատ­րիար­քին, հայ կա­թո­ղի­կէ Զմ­մա­ռու վան­քին մէջ (­Լի­բա­նան) տե­ղի ու­նե­ցաւ "Հա­ յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ար­խիւ­նե­րը" միօ­րեայ գի­տա­ժո­ղո­վը` կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Զմ­մա­ռու պատ­րիար­քա­րա­նի կղե­րի միա­բա­նու­թեան եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի Լի­բա­նա­նի կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նին:

Գի­տա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան Լի­բա­նա­նի մէջ պա­պա­կան նո­ւի­րա­կը, Լի­բա­նա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան Ա­շոտ Քո­չա­րեան, լի­բա­նա­նեան հա­մալ­սա­րան­նե­րու ի­րա­ւա­գի­տու­թեան եւ պատ­մու­թեան բա­ժան­մունք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւ դա­սա­խօս­ներ:

Բաց­ման խօս­քին մէջ, Ա­մեն. եւ Գերջ. Տէր Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. կա­թո­ղի­կոս պատ­րիար­քը կա­րե­ւոր նկա­տեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցու­մին հա­մար ար­խիւ­նե­րու ու­նե­ցած ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րը: Ան մատ­նան­շեց ճշմար­տու­թեան բա­ցա­յայտ­ման եւ հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան պահ­պան­ման հա­մար ար­խիւ­նե­րուն տեղն ու դե­րը:

Միօ­րեայ այս գի­տա­ժո­ղո­վը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ այն հա­ւաս­տու­մով, որ տա­կա­ւին չու­սում­նա­սի­րո­ւած եւ չպե­ղո­ւած մե­ծա­քա­նակ ար­խի­ւա­յին նիւ­թեր կան, ո­րոնց գո­յու­թեան քա­ջա­տե­ղեակ են Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րող­նե­րը:

Կա­րե­ւոր նկա­տո­ւե­ցան նաեւ ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու գի­տա­կան մատ­չե­լիու­թեան, թո­ւայ­նաց­ման, կրկնօ­րի­նակ­ման եւ այ­լե­ւայլ կեդ­րոն­նե­րու մէջ ցան­ցա­կա­լե­լու խնդիր­նե­րը:

Այս խնդի­րին իբ­րեւ այլ ե­րե­սակ ընդգ­ծո­ւե­ցաւ նաեւ նոր, ե­րի­տա­սարդ մաս­նա­գէտ­նե­րու յա­ռա­ջա­ցու­մը եւ ա­նոնց անհ­րա­ժեշտ թափ ու ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տա­լու էա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ կա­րի­քը կայ ո՛չ միայն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու ա­ռա­ւել ու­սում­նա­սի­րու­թեան, այ­լեւ գաղ­թա­կա­նու­թեանց տե­ղա­ւոր­ման, քեմ­փե­րու եւ որ­բա­նոց­նե­րու հաս­տատ­ման պատ­մու­թեանց ու­սում­նա­սի­րու­թեան:

Գի­տա­ժո­ղո­վը նաեւ ուղ­ղա­կի եւ ա­նուղ­ղա­կի կոչ էր ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րուն եւ ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն` ա­ւե­լի մեծ թա­փով լծո­ւե­լու մարդ­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը կող­մէ մարդ­կա­յին այլ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­ռա­ւել ամ­բող­ջա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց թա­փը եւ կշռոյ­թը զօ­րաց­նե­լու: Գի­տա­ժո­ղո­վի իւ­րա­յատ­կու­թիւնն էր նաեւ այն, որ բազ­մա­կի քննար­կում­նե­րը յա­ճախ դի­տա­կէտ ու­նե­ցան այս ար­խի­ւա­յին բազ­մա­կի նիւ­թե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը ի­րա­ւա­կան դաշ­տին մէջ: