Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան 21 Յունուարին, Պոլսաբնակ մալաթիացիներու հայրենակցական միութեան Բ. ատենապետ Սարգիս Չիզմէճիի եւ անդամներէն Գէորգ Էօզգարակէօզի ու Սերտար Պոյաճըի ընկերակցութեամբ, այցելած է Մալա
թիա: Արամ Սրբազան յատուկ այցելութիւն մըն ալ տուած է քաղաքի կուսակալ Սիւլէյման Քամչըի:
Ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Յունիս ամսուան մէջ կը սկսի քաղաքի «Թաշխորան» անունով ծանօթ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը: Պատուիրակութիւնը Մալաթիա կեցութեան շրջանին այցելած էր նաեւ քաղաքի «Վենք» կոչուած մատուռը, ուր արդէն կը շարունակուէին գրեթէ աւարտին հասած վերանորոգման աշխատանքները:
Սրբազանը եւ իր ընկերակիցները հոգեհանգիստի կարգ կատարած են Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատան նորակառոյց մատրան մէջ:
Այս արարողութեան ներկայ գտնուած է, մալաթիացի սակաւաթիւ հայերու կողքին, Էլազըղէն ժամանած հայերու 15 հոգինոց խումբ մը:
Վերանորոգման ծախսերը պիտի ապահովուին Մալաթիոյ կուսակալութեան կողմէ: Վերաշինութեան նախագիծը պիտի պատրաստեն Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Կարպիս Էվեափան: