Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, Հ.Հ. վաստակաւոր արտիստ երգչուհի Նունէ Եսայեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, համերգներով պիտի ներկայանայ Սփիւռքի շարք մը համայնքներուն (Հիւսիսային եւ

Հարաւային Ամերիկա, Եւրոպա եւ Ռուսաստանի Դաշնութիւն):
Այս պահուն յայտնի է միայն Կիպրոսի եւ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող համերգներու ժամանակացոյցը. Կիպրոսի մէջ համերգը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 12ին, կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի յանձնախումբին, Նիկոսիայի համալսարանի բացօթեայ դահլիճէն ներս։ Իսկ Յունաստանի մէջ համերգը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 14ին, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ:
Միւս երկիրներու համերգներուն մասին տեղեկութիւնները «Հայերն այսօր»ը պիտի ներկայացնէ հետագային:
Համերգաշարը կը կրէ «Կա՛նք, պիտի՛ լինենք ու դե՛ռ շատանանք» նշանաբանը, որ ինչպէս երգչուհին կը նշէ, կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի անցած վերջին 100 տարուան ճանապարհը: Համերգային ծրագրին երգապնակը բազմագոյն պիտի ըլլայ. պիտի հնչեն նոր ստեղծագործութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք գրուած երգեր, ինչպէս նաեւ` այլ ազգային, հայրենասիրական կատարումներ: