Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Հա­րա­ւա­յին Ի­տա­լիոյ քա­ղաք­նե­րէն ­Պա­րիի մէջ կայ գիւղ մը, որ 1926էն ի վեր իր գո­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ։ Այդ գիւ­ղին ա­ռա­ջին բնա­կիչ­նե­րը ա­նոնք էին, ո­րոնք 1919ին խոյս տա­լով Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թե­նէն, ո­րուն հա­մար ի­րենք թշնա­մի նկա­ տո­ւած էին, ե­կան եւ հաս­տա­տո­ւե­ցան ­Պա­րի քա­ղա­քը, ուր գտան զի­րենք հա­լա­ծող­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նու­թիւն եւ պատս­պա­րու­թիւն։

­Հա­յե­րու մա­սին է մեր խօս­քը. ազգ մը՝ որ հա­զիւ 1991ին կրցաւ տի­րա­նալ իր ան­կա­խու­թեան, բայց դա­րեր շա­րու­նակ ապ­րե­ցաւ պատ­մու­թիւն մը, որ լե­ցուն է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րով ու սար­սա­փի պա­տա­հար­նե­րով։

­Հա­րիւր տա­րի­ներ ա­ռաջ ­Պա­րի քա­ղա­քը ա­նոնց­մէ քա­նի մը տաս­նեա­կի հա­մար փրկու­թեան վայր ե­ղաւ։ Աք­սո­րեալ­նե­րու ա­ռա­ջին խում­բը ա­պաս­տան գտաւ բուր­դի գոր­ծա­րա­նին մօտ գտնո­ւող շէն­քի մը մէջ, բայց ա­ւե­լի ետք՝ 1924 թո­ւա­կա­նին ի­րենց տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ հո­ղա­մաս մը այժ­մու «­­Վիա Ա­մեն­տո­լա» փո­ղո­ցին վրայ։ ­Հոն է, որ հա­յե­րը կազ­մե­ցին «­­Նոր Ա­րաքս» գիւ­ղը եւ, քա­նի մը տաս­նեակ տա­րի­ներ ան­ցած ըլ­լա­լով հան­դերձ, ա­նոնց­մէ ո­մանք տա­կա­ւին հոն կը բնա­կին։

Ա­ւե­լի յե­տոյ այդ հո­ղա­մա­սին վրայ պե­տու­թեան հրա­մա­նով կա­ռու­ցո­ւե­ցան ի­նը փայ­տէ տնակ­ներ, ո­րոնք օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցան որ­պէս բնա­կա­րան եւ պատս­պա­րան։ Ա­նոնց մուտ­քի պա­տէն տա­կա­ւին առ­կախ կը մնայ ժա­մա­նա­կին զե­տե­ղո­ւած ցու­ցա­տախ­տա­կը, ո­րուն վրայ Հ­ռո­մէա­կան թո­ւան­շան­նե­րով գրո­ւած է ­Նոր Ա­րաքս գիւ­ղի հիմ­նադր­ման թո­ւա­կա­նը «MCMXXVI», որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ 1926 թո­ւա­կա­նին։ Իսկ գիւ­ղի կեդ­րո­նին մէջ կա­ռու­ցո­ւած էին փայ­տա­շէն տու­ներ, ո­րոնց­մէ միայն չոր­սը կրցած է կան­գուն մնալ եւ գո­յա­տե­ւել մին­չեւ այ­սօր։

­Գիւ­ղը ու­նէր ի­րեն յա­տուկ ջու­րի աղ­բիւր։ ­Տու­նե­րուն մօտ կը գտնո­ւէին եր­կու քա­րա­շէն շէն­քեր, ո­րոնց­մէ մէ­կը մա­տուռ մըն էր, ուր գիւ­ղի հայ հա­մայն­քը ա­ղօ­թե­լու հա­մար կը հա­ւա­քո­ւէր ­Կի­րա­կի­նե­րը եւ տօ­նա­կան օ­րե­րը։ Իսկ երկ­րորդ շէն­քը համ­բա­ւա­ւոր բա­նաս­տեղծ Հ­րանդ ­Նա­զա­րեա­նի բնա­կա­րանն էր։ Կ’ը­սո­ւի, թէ յի­շեալ բա­նաս­տեղ­ծը ինքն էր ա­ռա­ջին այն հա­յը, որ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պա­րի քա­ղա­քին մէջ, 1913ին:

Այ­սօր ­Վիա Ա­մեն­տօ­լա­յի մէջ կը բնա­կին 15 հա­յեր, ո­րոնց­մէ չոր­սը տա­րեց­ներ են, իսկ մնա­ցեալ­նե­րը ա­նոնց զա­ւակ­ներն ու թոռ­նե­րը։ ­Գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը հա­յեր են, բայց հոն ի­րենց հետ կը բնա­կին նաեւ քա­նի մը մայ­րա­պետ­ներ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կին Հ­րանդ ­Նա­զա­րեան­ցի հրա­ւէ­րով, գիւ­ղի ե­րե­խա­նե­րը դաս­տիա­րա­կե­լու նպա­տա­կով, ե­կած ու հաս­տա­տո­ւած էին ի­րենց գիւ­ղը։

­Մայ­րա­պետ­նե­րուն տու­նը կը գտնո­ւէր աք­սո­րեալ­նե­րու տու­նե­րուն մօ­տը, ո­րոնց կող­քին ա­ւե­լի ետք շի­նո­ւե­ցաւ քա­րա­կերտ շէնք մը, որ եր­կար տա­րի­ներ ծա­ռա­յեց իբ­րեւ ման­կա­պար­տէզ։ «Հ­րանդ ­Նա­զա­րեանց» Մ­շա­կու­թա­յին ­Կեդ­րո­նի պա­տո­ւոյ նա­խա­գահ ­Ռու­բէն ­Թի­մու­րեան կը պատ­մէ, որ նախ­կին հա­մայն­քա­յին կեան­քը շատ պարզ էր ի­րենց հա­մար։ Աք­սո­րեալ­նե­րուն մէջ կը տի­րէր զօ­րա­ւոր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զգա­ցում, իսկ տա­րի­քոտ­նե­րը ըն­դու­նո­ւած էին իբ­րեւ գիւ­ղին հո­գե­ւոր պե­տե­րը։ «­­Մեծ հա­ճոյ­քով ու կա­րօ­տով տա­կա­ւին կը յի­շեմ ­Սուրբ Ծնն­դեան տօ­նի օ­րե­րը»,- մե­զի կը պատ­մէ ­Թի­մու­րեան։ «­­Նախ 25 ­Դեկ­տեմ­բե­րին կը տօ­նէինք կա­թո­ղի­կէ­նե­րու­նը, իսկ 6 ­Յու­նո­ւա­րին ա­ռա­քե­լա­կան­նե­րու­նը, եր­կու տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց ժա­մա­նակ ալ նո­ւէր­ներ կը փո­խա­նա­կէինք ի­րա­րու հետ։ ­Զա­տիկն ալ նոյն­պէս յա­տուկ օր մըն էր բո­լո­րիս հա­մար։ Այդ օր, ըստ ա­րե­ւե­լեան ա­ւան­դու­թեան, հաւ­կիթ­նե­րը կար­միր կը ներ­կո­ւէին»։

Պրն. ­Թի­մու­րեան նաեւ կը պատ­մէ, թէ հայ հա­մայն­քը մաս­նա­ւո­րա­պէս կը զբա­ղէր գոր­գի ար­տադ­րու­թեամբ։ Ա­նոնց­մէ շա­տեր Ա­նա­տո­լո­ւի ծա­գում ու­նէին, որ գոր­գի ար­տադ­րու­թեան հայ­րե­նիքն է.- «­­Հա­յե­րը ի­րենց այս ճար­տա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծած են աշ­խար­հիս վրայ, ա­մէն կողմ։ Իմ հայրս ալ նոյ­նը ը­րաւ։ ­Գոր­գա­վա­ճա­ռու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ ըն­տա­նի­քիս հա­մար ա­ռեւտ­րա­կա­նու­թեան հիմք դար­ձաւ։ Այդ գոր­ծա­րա­նը ա­պա­գա­յին Ա­րեւ­մուտ­քի ա­մե­նա­կա­րե­ւոր գոր­գի գոր­ծա­րան­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ»։ Իսկ «Հ­րանդ ­Նա­զա­րեանց» Մ­շա­կու­թա­յին ­Կեդ­րո­նի քար­տու­ղար ­Քար­լօ ­Քօփ­փօ­լա կ­’ա­ւելց­նէ, թէ այդ գոր­ծա­րա­նին մէջ ար­տադ­րո­ւած գոր­գե­րէն ո­մանք ղրկո­ւած են Հ­ռո­մի ­Պապ ­Փիօ Ժ.Ա.ին, ­Մոն­թէ­նէկ­րո­յի թա­գու­հիին եւ յայտ­նի ի­տա­լա­ցի գրող ­Լո­ւի­ճի ­Փի­րան­տէլ­լո­յին։

­Գիւ­ղը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հետզ­հե­տէ պար­պո­ւե­ցաւ իր բնա­կիչ­նե­րէն. ո­մանք փո­խադ­րո­ւե­ցան ­Հիւ­սի­սա­յին Ի­տա­լիոյ քա­ղաք­նե­րը, ո­մանք ալ ար­տա­սահ­ման գաղ­թե­ցին։ ­Բայց ­Նոր Ա­րաքս գիւ­ղը տա­կա­ւին հոն է, պահ­պա­նո­ւած իր այն բնա­կիչ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր ապ­րե­ցան իր եր­դի­քին տակ եւ կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ։ Այս մա­սին ­Կա­յա­նիկ Ա­տա­ճեան մե­զի հե­տե­ւեալ խօս­քե­րով կը փո­խան­ցէ իր զգա­ցում­նե­րը.- «­­Զիս կը նկա­տեմ որ­պէս այս գիւ­ղին պահ­պա­նը։ ­Գիւ­ղը դեռ իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ հոս­կէ անց­նող­նե­րուն կո­րովն ու զօ­րու­թիւ­նը։ Այս­տեղ սրբա­վայր մըն է, ո­րուն յի­շա­տա­կը հարկ է պահ­պա­նել եւ փո­խան­ցել ա­պա­գայ հայ սե­րունդ­նե­րուն»։

Հ­րա­տա­րա­կո­ւած www.barinedita.it կայ­քէ­ջին վրայ:

 

Գ­րեց՝ Ի­լա­րիա ­Մի­լէլ­լա
Թարգ­մա­նեց՝ Օ­շին Է­լա­կէօզ -­Մար­մա­րա