Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծանր հե­տե­ւանք­նե­րը ներ­կա­յաց­նող «­Մեր Աթ­լան­թի­սը» վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կա­րը ընդգր­կո­ւած է Պոլսոյ ան­կախ շար­ժան­կա­րի 14րդ ­մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի հիմ­նա­կան ծրագ­րին մէջ:

Ըստ «Ար­մէնփ­րես»ի՝ շար­ժան­կա­րի բե­մադ­րիչ Ար­թուր ­Սու­քիա­սեան նշած է, որ ան նե­րա­ռո­ւած է փա­ռա­տօ­նի «­Տուն» ծրագ­րին մէջ: «­Ֆիլ­մը պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի Ս­թամ­պու­լի մէջ: ­Շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս ­Փետ­րո­ւար 22ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած յա­տուկ ծրա­գիր, ուր հայ եւ թուրք բե­մադ­րիչ­ներ շար­ժան­կա­րի մի­ջո­ցով պի­տի խօ­սին անձ­նա­կան պատ­մու­թիւն­ներն ու կնճռոտ հար­ցե­րը վեր հա­նե­լու մա­սին:

Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցիմ նաեւ ես՝ թուրք ռե­ժի­սոր ­Տեվ­րիմ Ա­քա­յա­յի հետ: Ես պի­տի խօ­սիմ իմ «­Մեր Աթ­լան­թի­սը», իսկ ­Տեվ­րի­մը իր` «­Տիար» վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կա­րին մա­սին: ­Շար­ժան­կա­րը բե­մադ­րի­չին հայ պա­պի­կին մա­սին է, որ կը վե­րագտ­նէ իր ըն­տա­նի­քին պատ­մու­թիւ­նը: ­Ձեռ­նար­կին պի­տի մաս­նակ­ցի նաեւ Ար­սի­նէ ­Խան­ջեան: ­Փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Փետ­րո­ւար 12-22»,- նշած է բե­մադ­րի­չը:

Ար­թուր ­Սու­քիա­սեան կ­՛ա­ւելց­նէ, որ «­Մեր Աթ­լան­թի­սը» շար­ժան­կա­րը պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի նաեւ ­Նէո­նի հե­ղի­նա­կա­ւոր «Visions du Reel» մի­ջազ­գա­յին շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նի շու­կա­յին մէջ, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ապ­րիլ 17-25, ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ­Նէոն քա­ղա­քին մէջ: «­Մեր Աթ­լան­թի­սը» ա­նու­նը կրող վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կա­րը ­Հա­յաս­տա­նի, Ֆ­րան­սա­յի եւ ­Թուր­քիոյ հա­մա­տեղ ար­տադ­րու­թիւն է: ­Շար­ժան­կա­րը ­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան ճամ­բա­րի մա­սին է, որ կա­ռու­ցած էին որ­բե­րը 1960ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, ա­պա խլո­ւած է թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ: Ա­սի­կա ճամ­բոր­դու­թիւն է ճամ­բա­րի ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի մի­ջեւ, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչ­պէս ե­րեք տաս­նա­մեակ անց ճամ­բա­րի սա­նե­րը կը փոր­ձեն չկորսնց­նել ա­նոր մա­սին ի­րենց յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը:

Երբ շար­ժան­կա­րին մէջ կը ներ­կա­յա­ցո­ւին գլխա­ւոր հե­րո­սի անձ­նա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րը եւ յու­շե­րը ճամ­բա­րի մա­սին, մէկ այլ` ա­ւե­լի մեծ պատ­մու­թիւն կը սկսի բա­ցա­յայ­տո­ւիլ:

­Շար­ժան­կա­րը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին չէ, սա­կայն կը ներ­կա­յաց­նէ այդ ող­բեր­գու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը: Ա­նոր ստեղծ­ման ա­ջակ­ցած են Ֆ­րան­սա­յի ­Շար­ժան­կա­րի կեդ­րո­նը, հայ-թրքա­կան ­Շար­ժան­կա­րի ­Յայ­տա­գի­րը, ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ­Շար­ժան­կա­րի կենդ­րո­նը եւ Հ­րանտ ­Տին­քի ա­նո­ւան հիմ­նադ­րա­մը: Ն­կա­րա­հա­նում­նե­րը կա­տա­րո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մէջ:

«­Մեր Աթ­լան­թի­սը» ա­նո­ւա­նու­մը Հ­րանդ ­Տին­քի յօ­դո­ւա­ծէն վեր­ցո­ւած է. «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թին մէջ ան մեծ յօ­դո­ւած մը գրած էր ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին հետ կա­պո­ւած, անդ­րա­դար­ձած՝ ­Պոլ­սոյ ճամ­բա­րին եւ ը­սած էր. «­Ճամ­բա­րը մեր տունն էր, մեր ա­մէն ին­չը, մեր Աթ­լան­թի­սը»: Ես ո­գեշն­չո­ւե­ցայ այդ խօս­քե­րէն: Այդ տա­րած­քին, ­Թուր­քիոյ մէջ փոք­րիկ հայ­կա­կան քա­ղա­քակր­թու­թիւն մը ե­ղած է, եւ հա­յե­րը զե­րո­յէն ա­մէն ինչ ստեղ­ծած են եւ՝ ապ­րած»,- ը­սած է Ար­թուր ­Սու­քիա­սեան: