Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը միաս­նա­կան ո­գիով ու ա­մուր վճռակամութեամբ նշե­լու ­Հայոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը

Անց­նող ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին, Ան­թի­լիա­սի ­Մայ­րա­վան­քէն ներս, նա­խա­գա­հու­թեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի, յա­ ջոր­դա­բար տե­ղի ու­նե­ցան Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան Կ­րօ­նա­կան ու ­Քա­ղա­քա­կան ժո­ղով­նե­րու լիա­կա­տար նիս­տե­րը, մաս­նակ­ցու­թեամբ յի­շեալ մար­մին­նե­րու ­Լի­բա­նա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի ան­դամ­նե­րուն։ Ազգ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ժո­ղով­նե­րուն յա­ջոր­դեց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հան­դի­պու­մը յի­շեալ մար­մին­նե­րուն հետ։ ­Վար­չա­կան, տնտե­սա­կան, յա­րա­բե­րա­կան եւ այլ բազ­մա­թիւ հար­ցե­րու շար­քին, ժո­ղո­վա­կան հան­դի­պում­նե­րը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դար­ձան հե­տե­ւեալ նիւ­թե­րուն.-

1) ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի նշում.- Այս գծով զե­կոյց­ներ տրո­ւե­ցան նախ՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­նա­լիք ձեռ­նարկ­նե­րուն ու կա­տա­րո­ւե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին, ազ­գա­յին թէ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ Ա­պա, իւ­րա­քան­չիւր Ա­ռաջ­նորդ իր թե­մէն ներս տե­ղի ու­նե­նա­լիք նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ տե­ղե­կա­գիր ներ­կա­յա­ցուց։ ­Կա­տա­րո­ւե­ցաւ լայն քննար­կում։ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, եզ­րա­կաց­նե­լով տրո­ւած զե­կոյց­նե­րը ու կա­տա­րո­ւած քննար­կում­նե­րը, շեշ­տեց հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը.- ա) 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով տե­ղի ու­նե­նա­լիք ձեռ­նարկ­նե­րուն շրջագ­ծէն ներս հարկ է ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն տալ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու ա­նոր քա­ղա­քա­կան ու ի­րա­ւա­կան ե­րես­նե­րուն։ բ) ­Միաս­նա­կան ո­գիով ու հա­մա­գա­ղու­թա­յին տա­րո­ղու­թեամբ հարկ է նշել 100ա­մեա­կը, ա­ռանց­քա­յին կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լով Ե­րե­ւա­նի մէջ յայ­տա­րա­րուած հա­մա­հայ­կա­կան Հռ­չա­կագ­րին։

2) Սր­բա­դա­սում ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն.- ­Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն այս ուղ­ղու­թեամբ յա­տուկ աշ­խա­տանք տա­րո­ւած էր Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ու ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լիիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ նշա­նա­կո­ւած խառն յանձնա­խում­բի մը կող­մէ։ ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը տե­ղեակ դար­ձան ցարդ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն ու ող­ջու­նե­ցին այդ յոյժ կա­րե­ւոր քայ­լը ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ առ­նո­ւած։ Ա­նոնք նաեւ տե­ղեակ դար­ձան 23 Ապ­րի­լին, ­Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սին եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ եր­կու Ա­թոռ­նե­րու ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն, տե­ղի ու­նե­նա­լիք սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րուն մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի թէ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ, հե­ռա­տե­սի­լի ճամ­բով ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նան մօ­տէն հե­տե­ւե­լու։

3) ­Միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան եւ միջ-կրօ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ.- ­Յի­շեալ բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս անց­նող ա­միս­նե­րուն կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին ժո­ղո­վա­կան­ներ լայն զե­կոյց մը լսե­ցին։ Իր եզ­րա­փա­կիչ խօս­քին մէջ ­Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ժո­ղո­վա­կան­նե­րու ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը.- ա) ­Միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը քրիս­տո­նէա­կան աշ­խար­հի կա­րե­ւոր ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէկն է։ ­Հա­կա­ռակ այս ծի­րէն ներս վեր­ջին շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցած զգա­լի նա­հան­ջին, անհ­րա­ժեշտ է որ մեր ե­կե­ղե­ցին իր պատ­մու­թե­նէն ժա­ռան­գած չա­փա­ւո­րա­կան մօ­տե­ցու­մով եւ դրա­կան կե­ցո­ւած­քով շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան շար­ժու­մին։ բ) ­Միջ-կրօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս եւ իս­լամ-քրիս­տո­նեայ երկ­խօ­սու­թիւ­նը մաս­նա­ւո­րա­բար ստա­ցած են ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցող ան­ցու­դարձ­նե­րու լոյ­սին տակ։ ­Հե­տե­ւա­բար, մեր ե­կե­ղե­ցին մաս­նա­կից պէտք է դառ­նայ այն բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը դա­տա­պար­տեն ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թիւ­նը ու կը քա­ջա­լե­րեն քրիս­տո­նեայ-իս­լամ հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը։

4) ­Միւ­ռո­նօրհ­նէք եւ յա­րա­կից ձեռ­նարկ­ներ.- ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը տե­ղեակ դար­ձան, թէ ­Շա­բաթ, 18 ­Յու­լիս 2015ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ս. ­Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն, Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քի շրջա­փա­կին մէջ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ու ­Վե­րած­նուն­դը խորհր­դանշող յու­շար­ձա­նին շուրջ։ Այս ա­ռի­թով նաեւ ծրագ­րո­ւած են հե­տե­ւեալ հան­դի­սու­թիւն­նե­րը.- նոյն օ­րը ա­ռա­ւօ­տեան Թռչնոց ­Բոյ­նի մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու Որ­բե­րու ­Թան­գա­րա­նի բա­ցում. յա­ջորդ օ­րը, ­Կի­րա­կի՝ Ան­թի­լիա­սի ­Նա­հա­տա­կաց յու­շար­ձան մատ­րան շուրջ միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն. նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան՝ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ, ­Պիք­ֆա­յա­յի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քին մէջ։ ­Յի­շեալ ձեռ­նարկ­նե­րու մա­սին յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի տրո­ւին յա­ռա­ջի­կա­յին։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ այս ա­ռի­թով ի­րենց թե­մե­րէն ներս ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­ներ սկսած են կազ­մա­կեր­պո­ւիլ դէ­պի Ան­թի­լիաս։

5) Դպ­րե­վանք.- Դպ­րե­վան­քի ­Տե­սուչ ­Հայր ­Սուր­բը տե­ղեակ պա­հեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րը Դպ­րե­վան­քի կրթա­կան կեան­քին, ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւին, կրթա­կան մա­կար­դա­կին եւ, ընդ­հան­րա­պէս, Դպ­րե­վան­քին հետ ա­ղերս ու­նե­ցող շարք մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն ու ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն մա­սին։ Ան նաեւ յայտ­նեց, թէ շա­բաթ մը ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ Դպ­րե­վան­քի ու Ե­րե­ւա­նի ­Հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ստո­րագ­րո­ւած է։ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը յի­շե­ցուց ներ­կա­նե­րուն, թէ Դպ­րե­վան­քը ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կեան­քին ա­ռանցքն է. ան մեր հո­գե­ւոր ու մտա­ւոր կազ­մա­ւոր­ման դարբ­նոցն է։ Այս գի­տակ­ցու­թեամբ մեր ժո­ղո­վուր­դին զա­ւակ­նե­րը պէտք է զօ­րա­վիգ կանգ­նին Դպ­րե­վան­քի ա­ռա­քե­լու­թեան։

6) Ք­րիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն.- Այս բա­ժան­մուն­քի պա­տաս­խա­նա­տու հայր սուր­բե­րը զե­կու­ցե­ցին ի­րենց կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կը նե­րա­ռեն տի­կին­նե­րու յա­տուկ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ ու սե­մի­նար­ներ, ինչ­պէս նաեւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, հե­ռա­տե­սի­լի, ձայ­նաս­փիւ­ռի եւ լսո­ղա­տե­սո­ղա­կան մի­ջոց­նե­րու յա­տուկ յայ­տա­գիր­ներ, ո­րոնց նպա­տա­կը թէ՛ մա­նուկ­նե­րուն, թէ՛ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն եւ թէ ընդ­հան­րա­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն փո­խան­ցել է մեր հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը։ Այս ծի­րէն ներս լայ­նօ­րէն քննար­կո­ւե­ցան նաեւ ­Կի­րակ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րուն առն­չո­ւած աշ­խա­տանք­ներն ու ծրա­գիր­նե­րը։ Անդ­րադառ­նա­լով քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը իր կար­գին յի­շե­ցուց թէ՝ ա) Ան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան հիմ­քը կը կազ­մէ եւ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան ու­սու­ցո­ղա­կան ու ծա­ռա­յա­կան տա­րածք­նե­րը պէտք է դառ­նան մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն մեր կեան­քէն ներս, յատ­կա­պէս թե­մա­կան ու ծխա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ բ) Ա­ւան­դա­կան ծրա­գիր­նե­րէ ան­դին «անհրա­ժեշտ է յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յել լսո­ղա­տե­սո­ղա­կան մի­ջոց­նե­րու ճիշդ ու լայն օգ­տա­գործ­ման։

7) Ե­րի­տա­սար­դու­թիւն.- ­Ժո­ղո­վա­կան­ներ թէ՛ զե­կոյց­նե­րու եւ թէ քննար­կում­նե­րու ճամ­բով լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձան ե­րի­տա­սար­դու­թեան առն­չո­ւած հար­ցե­րուն ու ծրա­գիր­նե­րուն։ Այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս կը գոր­ծեն ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի Ե­րի­տա­սար­դաց ­Բա­ժան­մուն­քը, ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հա­մալ­սա­րա­նա­կան Ու­սա­նող­նե­րու ­Միու­թիւ­նը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) եւ ­Հայ ­Հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ­նե­րու ­Հա­մախմ­բու­մը։ ­Ժո­ղո­վա­կան­ներ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծե­ցին մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը դէ­պի ե­կե­ղե­ցի, գա­ղութ եւ հա­յու­թիւն ա­ռաջ­նոր­դե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ Իր եզ­րա­փա­կիչ խօս­քին մէջ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ՝ ա) Անհ­րա­ժեշտ է, որ մեր կա­ռոյց­ներն ու ղե­կա­վար­նե­րը վստա­հու­թիւն ներշն­չեն ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, մօ­տե­նան ա­նոնց ու լսեն զի­րենք։ բ) Անհ­րա­ժեշտ է, նաեւ, նոր մօ­տե­ցում­նե­րով ե­րի­տա­սար­դու­թեան փո­խան­ցել մեր հո­գե­ւոր, բա­րո­յա­կան ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը եւ հա­մախմ­բել զա­նոնք մեր կա­ռոյց­նե­րուն շուրջ։

8) ­Շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ.- ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ­Կա­լո­ւա­ծոց ­Յանձ­նա­խում­բը զե­կու­ցեց վեր­ջին ութ ա­միս­նե­րուն իր կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին։ Այս մար­զէն ներս անդ­րա­դարձ ե­ղաւ յատ­կա­պէս ­Պիք­ֆա­յա­յի վան­քին մէջ կա­տա­րո­ւած շի­նա­րա­րա­կան կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն (միա­բա­նա­կան շէնք, ­Նա­հա­տա­կաց խո­րան, շրջա­փա­կի ընդ­լա­նում, վան­քի նոր մուտք, եւլն.), ինչ­պէս նաեւ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն ու Թռչ­նոց ­Բոյ­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ ­Յանձ­նա­խում­բը նաեւ զե­կու­ցեց կա­լո­ւած­նե­րու շա­հարկ­ման առն­չո­ւած կարգ մը ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին։ ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ող­ջու­նե­ցին շի­նա­րա­րա­կան կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, ո­րոնք կա­տա­րո­ւած են մեր բա­րե­րար­նե­րուն կող­մէ։

9) ­Հան­դի­պում­ներ զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րու խնա­մա­կա­լու­թեանց հետ.- ­Յա­ջոր­դա­բար ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին զե­կոյց­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին առն­չո­ւած հե­տե­ւեալ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը.- Ազգ. ­Ծե­րա­նոց, Թռչնոց ­Բոյն, Ա­զու­նիէի Ազգ. ­Բու­ժա­րան։ Տ­րուած զե­կոյց­նե­րէն ի յայտ ե­կաւ, որ հա­կա­ռակ յի­շեալ կա­ռոյց­նե­րու դի­մագրա­ւած տնտե­սա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, ա­նոնք նո­ւի­րու­մով կը ծա­ռա­յեն մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն - Թռչ­նոց ­Բոյ­նը՝ մեր ան­տէր մա­նուկ­նե­րուն, Ազգ. ­Ծե­րա­նո­ցը՝ մեր ե­րէց­նե­րուն ու Ա­զու­նիէի Ազգ. ­Բու­ժա­րա­նը՝ բժշկա­կան խնամ­քի կա­րօտ մեր զա­ւակ­նե­րուն։ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը բարձր գնա­հա­տեց յի­շեալ կա­ռոյց­նե­րու մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տան­քը եւ ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ յի­շեց­նե­լով, թէ ինչ որ կը կա­տա­րո­ւի այս կա­ռոյց­նե­րէն ներս ան­բա­ժան մա­սը կը կազ­մէ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան։

10) ­Հա­յա­գի­տա­կան-Կր­թա­կան աշ­խա­տանք­ներ.- Այս աշ­խա­տանք­նե­րուն լծո­ւած է ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի Կր­թա­կան-հա­յա­գի­տա­կան բա­ժան­մուն­քը։ ­Յի­շեալ աշ­խա­տանք­նե­րը կ­՚ընդգր­կեն ­Խա­չիկ ­Պա­պի­կեան ֆոն­տին առն­չո­ւած կրթա­կան-ու­սում­նա­կան ծրա­գիր­ներ, ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան լծո­ւած յանձ­նա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րը եւ հա­յա­գի­տա­կան նիւ­թե­րու խտա­ցեալ դա­սըն­թաց­քը։ Կր­թա­կան ու հա­յա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս կը կազ­մէ նաեւ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն ներս գոր­ծող ու­սուց­չաց պատ­րաս­տու­թեան յա­տուկ ­Ման­կա­վար­ժա­կան ­Կեդ­րո­նը։ Տ­րո­ւած զե­կոյց­նե­րու լոյ­սին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ընդ­հա­նուր քննար­կում, որ­մէ ետք ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը կա­րե­ւո­րու­թեամբ յի­շե­ցուց ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը, ու­սու­ցիչ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ մեր մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու տա­րած­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը ը­սաւ, թէ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը, իր բազ­մա­զան ու այ­լա­զան աշ­խա­տանք­նե­րու կար­գին, պի­տի շա­րու­նա­կէ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յել կրթա­կան, ման­կա­վար­ժա­կան ու մշա­կու­թա­յին մար­զե­րուն։

11) Տն­տե­սա­կան կա­ցու­թիւն.- ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տնտե­սա­կան կա­ցու­թեան մա­սին ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն տրո­ւած ման­րա­մասն զե­կոյ­ցը ե­կաւ ցոյց տա­լու, թէ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը տնտե­սա­կան ի­մաս­տով հե­ռու է ինք­նա­բաւ ըլ­լա­լէ։ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ըն­թա­ցիկ պիւտ­ճէն շուրջ եր­կու մի­լիոն տո­լար է, ո­րուն ա­ւե­լի քան մէկ եր­րոր­դը բաց է։ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի պիւտ­ճէին կա­րե­ւոր մա­սը կը յատ­կա­ցուի Դպ­րե­վան­քին։ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը ու­նի նաեւ հրա­տա­րակ­չա­կան ու կրթա­կան հիմ­նադ­րամ­ներ, ո­րոնց ե­կա­մու­տը կը յատ­կա­ցո­ւի նոյն նպա­տակ­նե­րուն։ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը յայտ­նեց, որ այս փոքր պիւտ­ճէով հսկայ աշ­խա­տանք կը կա­տա­րո­ւի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին կող­մէ։ Ան նաեւ յի­շե­ցուց մեր թե­մե­րուն, թէ անհրա­ժեշտ է յա­տուկ աշ­խա­տանք տա­նիլ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը ինք­նա­բաւ դարձնե­լու ի­մաս­տով։ Այս ա­ռի­թով ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը իր ջերմ գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց մեր բա­րե­րար­նե­րուն ու ազ­գա­յին­նե­րուն, ո­րոնք կ­՚օ­ժան­դա­կեն ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ւել ծաղկ­ման։

12) ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան վե­րա­կանգնու­մը.- Այս մա­սին ման­րա­մասն զե­կոյց տրուե­ցաւ թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին կող­մէ։ Ազգ. ­Կեդր. ­Վար­չու­թիւնն ու թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան, յանձ­նա­ռու ե­ղան շա­րու­նա­կե­լու ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել սու­րիա­հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը իր եզ­րա­փա­կիչ խօս­քին մէջ շեշ­տեց հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը.- ա) ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը ու վե­րա­կանգ­նու­մը պէտք է մնայ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն՝ հա­մա­հայ­կա­կան տա­րո­ղու­թեամբ։ ­Թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը եւ թէ մեր գա­ղութ­նե­րը զգա­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու մտա­հո­գու­թիւն­ներ պար­զե­լէ ան­դին պէտք է գործ­նա­պէս մաս­նա­կից դառ­նան ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին, յատ­կա­պէս ի­րենց նիւ­թա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րուն, մեր դպրոց­նե­րուն ու մեր հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րուն։ բ) ­Մենք դէմ ենք ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­տա­գաղ­թին։ ­Պէտք է յա­տուկ աշ­խա­տանք տա­նիլ, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին զա­ւակ­նե­րը կառ­չած մնան շրջա­նին։ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս մեր ժո­ղո­վուր­դին կազ­մա­կերպ ներ­կա­յու­թիւ­նը կեն­սա­կան է թէ՛ Ս­փիւռ­քի, թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի եւ թէ մեր ժո­ղո­վուր­դի դա­տին հա­մար։ գ) ­Մեր գնա­հա­տան­քը ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նենք ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան, հո­գե­ւոր Ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, հա­մայն­քա­յին ու կու­սակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, ո­րոնք բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի նո­ւի­րու­մով լծուած են մեր ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեան։ դ) ­Մենք նաեւ ­Մեր հայ­րա­պե­տա­կան օրհնու­թիւ­նը, ա­ղօթ­քը ու գնա­հա­տան­քը կը փո­խան­ցենք ­Սու­րիոյ բո­լոր շրջան­նե­րուն մէջ հաս­տա­տո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն։ ­Հա­կա­ռակ մեր ու­նե­ցած զա­նա­զան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, պէտք է հա­մախմ­բո­ւիլ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու կա­ռոյց­նե­րուն շուրջ՝ միաս­նա­կան ո­գիով, վե­րա­նո­րոգ հա­ւատ­քով ու յոյ­սով դի­մագ­րա­ւե­լու բո­լոր տե­սա­կի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։

13) ­Սի­սի պատ­մա­կան ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը պա­հան­ջող դատ՝­Թուր­քիոյ դէմ.- ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց այս հար­ցին մա­սին։ ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը ը­սաւ, թէ անց­նող շուրջ ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին յա­ճա­խա­կի հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է յի­շեալ հար­ցին մա­սին մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի մաս­նա­գէտ­նե­րուն հետ։ ­Վե­հա­փա­ռը ­Հայ­րա­պե­տը շեշ­տեց, թէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի նշման ծրա­գիր­նե­րու շար­քին յի­շեալ դա­տը ե­զա­կի տեղ պի­տի գրա­ւէ։ ­Դա­տին նպա­տակն է մի­ջազ­գա­յին կար­ծի­քը հրա­ւի­րել մեր կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դար­ձին ներ­կա­յա­ցու­ցած յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­տուց­ման շրջագ­ծէն ներս։ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց այն ազ­գա­յին­նե­րուն, ո­րոնք նիւ­թա­պէս զօ­րա­վիգ պի­տի կանգ­նին այս յոյժ կա­րե­ւոր ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման եւ ը­սաւ, որ յա­ռա­ջի­կայ եր­կու շա­բաթ­նե­րուն դա­տը պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի ­Թուր­քիոյ դա­տա­րա­նին։