Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ամ­բողջ ար­հա­ւիր­քը իր մաշ­կին վրայ զգա­ցած Աու­րօ­րա Մար­տի­կա­նեա­նի (Ար­շա­լոյս Մար­տի­կեան) յու­շե­րու հի­ման վրայ 1918 թո­ւա­կա­նին Հո­լիվու­տի մէջ նկա­րա­հա­նո­ւած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պատ­մող ա­ռա­ջին գե­ղարո­ւես­տա­կան շար­ժան­կա­րին

մա­սին կը նկա­րա­հա­նո­ւի փաս­տա­վա­ւե­րագրա­կան ֆիլմ: Նոր ֆիլ­մին հե­ղի­նակն ու ար­տադ­րո­ղը Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան­ հիմ­նարկն է: Ինչ­պէս՝ ըստ «Ար­մէնփ­րես-­ի՝ կը յայտ­նեն Հա­յոց ցե­ղա­պա­նու­թեան թան­գա­րան­ի հիմ­նար­կէն, Փետ­րո­ւար 5-­ին ներ­կա­յա­ցո­ւած է նկա­րա­հա­նո­ւող շար­ժան­կա­րի ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան ծա­նու­ցու­մը. շար­ժան­կա­րը պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ մին­չեւ տա­րե­վերջ: Ար­շա­լոյ­սը Մար­տի­կեան­նե­րու բազ­մա­դամ ըն­տա­նի­քի եր­րորդ զա­ւակն էր: Ան­հոգ ման­կու­թիւն, անխ­ռով ըն­տա­նե­կան կեանք, ջու­թա­կա­հար դառ­նա­լու ման­կա­կան ե­րա­զանք… Գոր­ծի դրո­ւե­ցու հա­յե­րու բնաջնջ­ման հրէ­շա­ւոր նա­խա­գի­ծը: 1915 թո­ւա­կան, Յու­նիս…

 

Ար­շա­լոյ­սը 14 տա­րե­կան էր: Բռ­նա­գաղթ, կո­տո­րած­ներ, բռնի թրքա­ցում…Ար­շա­լոյ­սը եւ ման­կա­հա­սակ այլ աղ­ջիկ­ներ ա­ռե­ւան­գո­ւե­ցան գաղ­թի ճա­նա­պար­հէն: Ար­շա­լոյ­սը յա­ջո­ղե­ցաւ փախ­չիլ հա­րե­մէն: Եր­կու տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ան ան­ցաւ շուրջ 600 քմ., 85 սեն­թով վա­ճա­ռո­ւե­ցաւ Մա­լա­թիոյ, Ուր­ֆա­յի եւ Մու­շի ստրկա­վա­ճառ­նե­րու շու­կա­նե­րուն մէջ, ան­ցաւ սար­սափ­նե­րով լի եր­կար ճա­նա­պահ եւ­…ան յայտ­նո­ւե­ցաւ ԱՄՆ, ուր հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ ա­նոր յու­շագ­րու­թիւ­նը` “­Յօ­շո­տո­ւած Հա­յաս­տան”-ը, ո­րուն հի­ման վրայ ալ նկա­րա­հա­նո­ւե­ցաւ Հա­յոց ցե­ղապ­սա­նու­թեան մա­սին պատ­մող ա­ռա­ջին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան շար­ժան­կա­րը, ո­րուն գլխա­ւոր դե­րը նոյ­նինքն ան էր` Ար­շա­լոյս Մար­տի­կեա­նը` Աու­րօ­րա Մար­տի­կա­նեա­նը: Շար­ժան­կա­րը բա­ցա­ռիկ յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցաւ, 30 մի­լիոն տո­լա­րի հա­սոյթ, որ տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի 60 հա­զար հայ որ­բե­րու կեն­սա­պա­հով­ման հա­մար:

Ար­շա­լոյս ­Աու­րո­րա­յի պատ­մու­թիւ­նը եւ շար­ժան­կա­րը փա­կի տակ դրո­ւե­ցան ու մոռ­ցո­ւե­ցան, մոռ­ցո­ւե­ցաւ նաեւ Աու­րօ­րան: Ան մա­հա­ցաւ մե­նու­թեան մէջ` մեր­ժո­ւած բո­լո­րի կող­մէ: Բայց ան պի­տի յայտ­նո­ւի նոր ա­ռա­քե­լու­թեամբ ու նոր պատ­գա­մով: