Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ջա­ւախ­քա­հա­յե­րը զան­գո­ւա­ծա­բար կը զրկո­ւին Վ­րաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէն երկ­րորդ` Հա­յաս­տա­նի կամ Ռու­սիոյ քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ու­նե­նա­լու պատ­ճա­ռով: Ինչ­պէս կը փո­խան­ցէ “­Մե­տիա­մաքս”-ը, այդ մա­սին յայտ­նած է թիֆ­լի­ սեան «­Ռե­զո­նան­սի” թեր­թը:

“­Բազ­մազգ Վ­րաս­տան” կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վար Առ­նոլտ Ս­տե­փա­նեա­նը թեր­թին հաս­տա­տած է, որ վեր­ջին 5 ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին այդ գոր­ծըն­թա­ցը ազ­դած է “եր­կու­քէն ե­րեք հա­զար ՀՀ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու վրայ”:

Ա­նոր խօս­քով` ա­տի­կա շատ կը բար­դաց­նէ մար­դոց կեան­քը, քա­նի որ Վ­րաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թիւ­նը կորսնց­նե­լու պա­րա­գա­յին ա­նոնք չեն կրնար Վ­րաս­տան գտնո­ւիլ ա­ւե­լի քան 90 օր շա­րու­նակ:

Ի դէպ, ինչ­պէս նշած է Առ­նոլտ Ս­տե­փա­նեա­նը, վեր­ջին շրջա­նին տե­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սկսած են հա­շո­ւի առ­նել յա­ռա­ջա­ցած խնդիր­նե­րը եւ ա­ւե­լի հեշ­տու­թեամբ ժա­մա­նա­կա­ւոր կե­ցու­թեան թոյլտ­ւու­թիւն կը տրա­մադ­րեն ա­նոնց, ո­րոնք ար­դէն զրկո­ւած են Վ­րաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէն: Ան նշած է, որ Ջա­ւախ­քի մէջ բնա­կող հա­յե­րուն Վ­րաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէն զրկե­լը “լրա­ցու­ցիչ վտանգ­ներ” կը յա­ռա­ջաց­նէ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ:

“­Գործ ու­նինք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մէջ ոչ ար­հես­տա­վար­ժու­թեան կամ խա­փա­նա­րա­րու­թեան հետ”,-  ը­սած է Առ­նոլտ Ս­տե­փա­նեա­նը:

Մինչ­դեռ Վ­րաս­տա­նի ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն թեր­թին ը­սած են, որ հա­յե­րուն քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէն զան­գո­ւա­ծա­յին զրկե­լու մա­սին լու­րե­րը չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ի­րա­կա­նու­թեան:

Սա­կայն “Ա­զատ Վ­րաս­տան” կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Կա­խա Կու­կա­ւան, որ ու­սում­նա­սի­րած է հար­ցը, հաս­տա­տած է “­Ռե­զո­նան­սի”-ին տո­ւած լու­րը, որ ջա­ւախ­քա­հա­յե­րուն զան­գո­ւա­ծա­բար կը զրկեն Վ­րաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէն: Ան ը­սած է, որ այդ մա­սին տե­ղեակ պա­հած է Վ­րաս­տա­նի կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն ա­նոնք դեռ չեն ար­ձա­գան­գած:

“Ա­սի­կա նուրբ հարց է, ո­րուն պէտք է զգու­շու­թեամբ մօ­տե­նալ: Պէտք է բա­ցատ­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ տա­նիլ բնակ­չու­թեան հետ, ը­սել ա­նոնց, որ ի­րենք պէտք է ինք­նու­րոյն ընտ­րեն, որ երկ­րի քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ու­նե­նան, որ­պէս­զի յե­տա­գա­յին խու­սա­փինք սադ­րանք­ներ”,- կար­ծիք յայտ­նած է քա­ղա­քա­գէտ Սո­սօ Ցին­ցա­ձէն: