Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Միա­ւո­րո­ւած Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը 2015ին Հա­յաս­տա­նին պի­տի տրա­մադ­րէ ա­ւե­լի քան 2 մի­լիոն 500 հա­զար տո­լար, ո­րու 66 տո­կո­սը պի­տի յատ­կա­ցո­ւի Հ­Հի մէջ պաշտ­պա­նու­թիւն գտած սու­րիա­հա­յե­րու եւ այլ փախս­տա­կան­նե­րու ա­ռաջ­նա­յին կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու գոր­ծին հա­ մար։

ՄԱ­Կի փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րի հա­յաս­տա­նեան գրա­սե­նեա­կի ար­տա­քին կա­պե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Ա­նա­հիտ Հայ­րա­պե­տեա­նը յայտ­նեց թէ 2014ին այդ գու­մա­րը ե­ղած է 1 մի­լիոն 800 հա­զար ԱՄՆ տո­լար, իսկ ա­նոր նա­խոր­դող տա­րի­նե­րուն՝ 500-600 հա­զար ԱՄՆ տո­լար։ «­Բա­ւա­կան մեծ գու­մար է այս ան­շուշտ, եւ փախս­տա­կան­նե­րու հրա­տապ կա­րիք­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս բա­ւա­րա­րե­լու տե­սան­կիւ­նէ շատ պա­տաս­խա­նա­տու տա­րի կը սպա­սէ մեզ։ Կ’ա­ճի նոր ժա­մա­նող փախս­տա­կան­նե­րու թի­ւը, ո­րոնք շատ ա­ւե­լի կա­րի­քա­ւոր են, քա­նի տա­րի­ներ ա­ռաջ ժա­մա­նած­նե­րը։

Միա­ժա­մա­նակ, այն ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք ու­նե­նա­լով ո­րոշ խնա­յո­ղու­թիւն­ներ, ժա­ման­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն չէին դի­մած գրա­սե­նեակ, հի­մա, հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նե­նա­լով դի­մա­կայլ կեան­քի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ սպա­ռե­լով ի­րենց գու­մար­նե­րը, կը դի­մեն մե­զի։ Մեր խնդիրն է պահ­պա­նել հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը եւ ա­ւե­լի շատ ըն­տա­նիք­ներ ընդգր­կել մեր ծրագ­րե­րուն մէջ» կ’ը­սէ Հայ­րա­պե­տեա­նը։

Ինչ­պէս նա­խորդ տա­րի­նե­րուն, այս տա­րի նոյն­պէս, ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը պի­տի գտնո­ւին Սու­րիա­յէն տե­ղա­հա­նո­ւած ան­ձե­րու ծրագ­րե­րը, որ կը նե­րառ­նեն տան վարձ­քի հա­տու­ցում, կեն­ցա­ղա­յին պա­րա­գա­նե­րու տրա­մադ­րում, ա­ռող­ջա­կան խնդիր­ներ ու­նե­ցող ան­ձե­րու դե­ղօ­րայ­քի հայ­թայ­թում, ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու եւ ի­րա­ւա­բա­նա­կան խորհր­դա­տըւու­թեան տրա­մադ­րում։

2015ին մէջ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը նոր ծրա­գիր­ներ ալ պի­տի հաս­տա­տէ, ա­ռան­ձին մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու ու­սու­ցում կա­տա­րե­լով՝ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու, խո­հա­րար­նե­րու, վար­սա­վիր­նե­րու, եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս։