Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ինֆորմատոր» կայքը կը հաղորդէ, թէ Վատիկան պաշտօնապէս հաստատած է, թէ Ֆրանսիս պապը Ապրիլ 12ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ պիտի մատուցանէ պատարագ՝ նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին։


«Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութիւնը գործադրուած է Ապրիլ 24, 1915էն սկսեալ, զոր, սակայն, Թուրքիա ցարդ չի ճանչնար եւ բազմաթիւ տարիներու ընթացքին պոյքոթի ենթարկած է պատմական իրողութեան որեւէ ներկայացում։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկուկէս միլիոն քրիստոնեայ հայ զոհուած է Ապտուլ Համիտ Բ.ի նախաձեռնած կոտորածներուն ընթացքին, զորս իրենց աւարտին հասցուց ժամանակակից Թուրքիոյ հայրը՝ Քեմալ Աթաթուրքը», կը գրէ աղբիւրը։