Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց հայ աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութեան հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման կը մասնակցէին Սուրիոյ հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Յարութ Սէլիմեանը, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան  Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը եւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնական գրասենեակի մամուլի եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու Անդրանիկ Մարդոյեանը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:
Քննարկուեցան Սուրիոյ հայ համայնքին առնչուող խնդիրներ: Հիւրերն իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին հայոց պետութեան եւ մասնաւորապէս Սփիւռքի նախարարութեան ջանքերը՝ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն օժանդակելու եւ այն աշխատանքներուն ու բարոյական աջակցութեան համար, որ կը ցուցաբերուի Սուրիոյ մէջ դժուարին կացութեան մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն:
Անդրադարձ եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն հայ աւետարանչական ընկերակցութեան մասնակցութեան, Ապրիլին նախարարութեան հետ համատեղ կազմակերպուող «Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականններու դերը Սուրիոյ մէջ՝ հայոց ցեղասպանութեան առաջին հանգրուանին» խորագիրով գիտաժողովին:
Քննարկուեցան Հայաստանի տարբեր համալսարաններու մէջ ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի ղեկավար փրոֆէսոր Վահրամ Շեմմասեանի՝ հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող դասախօսութիւններու կազմակերպման առնչուող հարցեր:
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար, կողմերը հանդէս եկան համագործակցութեան նոր առաջարկներով: