Գերմանիոյ կառավարութիւնը նշած է. «Դաշնակցային կառավարութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1916ին տեղի ունեցած ջարդերու եւ տեղահանութեան 100ամեակի յիշատակի ձեռնարկներուն մասնակցելու կարելիութիւնը աչքէ կ՚անցընէ»։ Միեւնոյն ժամանակ Գերմանիոյ կառավարութիւնը նշած է, որ 1915ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վրայ լոյս սփռելու համար կեանքի կոչուող բոլոր նախաձեռնութիւններուն կ՚արձագանգէ:
Ի պատասխան Գերմանիոյ Ձախակողմեան կուսակցութեան հարցապնդման` Գերմանիոյ կառավարութիւնը նշած է. «Ջարդերու եւ տեղահանութիւններու բացայայտումը նախ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հարցն է։ Գերմանական կառավարութիւնը յարգանքով կը մօտենայ թրքական ու հայկական կողմերու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած համարձակ քայլերուն։ Երկու կողմերու մերձեցումն ու պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծման առընչութեամբ համարձակութիւն ցուցաբերելը կարեւոր է»։