Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան» ա­հա­բե­կիչ­նե­րը Ի­րա­քի ­Մու­սուլ քա­ղա­քին մէջ հրկի­զած են հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի մը: 
Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Ի­րա­քի հիւ­սի­սի ա­մե­նէն հին հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կուն, որ կը գտնո­ւի ­Մու­սու­լի ­Վահ­տա թա­ղա­մա­սին մէջ:
Քիւր­տիս­տա­նի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Սա­յէտ ­Մա­մու­զի­նի՝ լու­րը հրա­պա­րա­կած BasNews-ին յայտ­նած է, թէ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» ապս­տամբ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն հրկի­զել եւ ա­ւե­րել հան­րա­յին վայ­րեր, սե­փա­կան տու­ներ եւ տա­ճար­ներ:
Մա­մու­զա­նի նշած է, որ հրկի­զո­ւած ե­կե­ղե­ցին կը պատ­կա­նէր հայ հա­մայն­քին, հոն կա­նո­նա­ւո­րա­բար տե­ղի կ­՚ու­նե­նար պա­տա­րագ:
Իս­լա­մա­պաշտ­նե­րը ­Մու­սու­լի եւ Ի­րա­քի հիւ­սի­սը ի­րենց վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ կը պա­հեն ան­ցեալ ա­մա­ռէն ի վեր: Ատ­կէ ետք, շրջա­նի ­Հա­յե­րը եւ այլ քրիս­տո­նեա­ներ ստի­պո­ւած ե­ղած էին փախ­չիլ Ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տան: