Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ուրուկուայի նախագահ Խոսէ Մուխիկան նախքան իր  պաշտօնավարման աւարտը, հանդիպում ունեցած է Ուրուկուէյի հայ համայնքի անդամներուն հետ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «CausaArmenia.org-ը, հանդիպման ընթացքին Մուխիկան ընդգծած է հայ համայնքի ներդրումը Ուրուկուէյի մէջ եւ կարեւորած է այն հանգամանքը, որ Ուրուկուայ առաջին երկիրն է որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մուխիկան, ընդառաջելով հայ համայնքի խնդրանքին, համաձայնութիւն տուած է իր բարձր հովանաւորութեան տակ առնել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Ուրուկուէյի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկները:
«Գիտեմ, որ թուրքերը կը նեղանան, սակայն համոզուած եմ, որ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, եւ եթէ կրնամ օգտակար ըլլալ՝ սիրով համաձայն եմ ընդունելու այդ առաջարկը: Թուրքերը պէտք է սորվին համբերութիւն ունենալ, աշխարհին մէջ բազմակարծութիւն պէտք է տիրէ, եւ մենք պետք է յարգենք այն, այլապէս կարելի չէ ապրիլ»,- ըսած է ան աւելցնելով, որ նուազագոյնը, որ պէտք է ընէ թրքական պետութիւնը, ինքնաքննադատութեան քաջութիւն ունենալն է՝ ընդունելու կատարուած բարբարոսութիւններ:
Նշենք, որ Խոսէ Մուխիկայի պաշտօնավարման օրով Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի յարաբերութիւնները ալ աւելի ամրապնդուեցան, եւ որոշ մարզերէ ներս  երկկողմ համագործակցութիւնը ալ աւելի խորացաւ: