Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­­Ռուբ­լիի ան­կու­մը լուրջ վտանգ կը ներ­կա­յաց­նէ ի­նը եր­կիր­նե­րու տնտե­սու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք մե­ծա­պէս կա­խեալ են ­Ռու­սիոյ մէջ ապ­րող ի­րենց քա­ղա­քա­ցի­նե­րու դրա­մա­յին փո­խան­ցում­նե­րէն:

Ինչ­պէս կը յայտ­նէ թեր­թը` վկա­յա­կո­չե­լով ­Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան տո­ւեալ­նե­րը, այդ եր­կիր­նե­րը կրնան 2015 թո­ւա­կա­նին կորսնց­նել ա­ւե­լի քան 10 մի­լիառ տո­լար: Տն­տե­սա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու լոյ­սի տակ նախ­կին խորհր­դա­յին եր­կիր­նե­րէն շատ ներ­գաղ­թեալ­ներ կը մտա­ծեն ­Ռու­սիան լքե­լու մա­սին, կը նշէ թեր­թը:

Բ­րի­տա­նա­կան թեր­թը կ­՛ա­ւելց­նէ, որ այդ եր­կիր­նե­րէն քա­նի մը հա­տին մէջ ռուբ­լիի ան­կու­մը կրնայ քա­ղա­քա­կան ճգնա­ժամ հրահ­րել:

­Տա­րա­ծաշր­ջա­նի տնտե­սու­թիւն­նե­րը սերտ կա­պի մէջ են ի­րա­րու հետ, եւ ռու­սա­կան ար­ժոյ­թի ան­կու­մը կ­՛ազ­դէ ­Ռու­սիոյ հա­րե­ւան­նե­րու ար­ժոյ­թին վրայ, կը գրէ The Guardian-ը` նշե­լով, որ ռուբ­լիի ան­կումն ար­դէն, մաս­նա­ւո­րա­պէս, բե­րած է ­Թուրք­մէ­նիս­տա­նի ար­ժոյ­թի ար­ժէզրկ­ման եւ կրնայ յան­գեց­նել ղա­զա­խա­կան տեն­գէի ­հե­տա­գայ անկ­ման:

­Հա­մա­ձայն ­Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն` դրա­մա­յին փո­խան­ցում­նե­րէն կա­խո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան 21 տո­կո­սը, Վ­րաս­տա­նի տնտե­սու­թեան 12 տո­կո­սը, Խրխ­զիս­տա­նի տնտե­սու­թեան 31,5 տո­կո­սը, ­Մոլ­տո­վա­յի` 25 տո­կո­սը, ­Տա­ճի­կիս­տա­նի` 42 տո­կո­սը, Ուք­րա­նիոյ` 5,5 տո­կո­սը, ­Լիթ­վա­յի` 4,5 տո­կո­սը, Ատր­պէյ­ճա­նի` 2,5 տո­կո­սը, Ուզ­պէ­քիս­տա­նի` 12 տո­կո­սը: Այս փո­խան­ցում­նե­րուն մեծ մա­սը կը կազ­մեն ­Ռու­սիոյ մէջ ապ­րող ներ­գաղ­թեալ­նե­րու դրա­մա­յին փո­խան­ցում­նե­րը: ­Հա­յաս­տա­նի, Վ­րաս­տա­նի, ­Մոլ­տո­վա­յի եւ Ուք­րա­նիոյ դրա­մա­յին փո­խան­ցում­նե­րուն մօտ 40 տո­կո­սը ­Ռու­սիա­յէն է, այդ թի­ւը կը հաս­նի 79 տո­կո­սի Խրխ­զիս­տա­նի պա­րա­գա­յին: