Սուրիոյ գլխաւոր մուֆթի Ահմատ Պատր Ատտին Հասսունը եւ Սուրիոյ Կրօնքի նախարար Մուհամմատ Ապտ ալ Սաթթար ալ Սայիտը, իսլամ կրօնաւորներու եւ ուսուցիչներու պատուիրակութեամբ մը այցելեցին Դամասկոսի Հայոց առաջնորդարանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, որոնց մեկնարկը կատարուեցաւ Յունուար 6ին, Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Սուրիոյ մուֆթին եւ նախարարը այցելութեան ժամանակ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին՝ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին կապակցութեամբ, դատապարտելով ոճրագործ թուրքերը, որ իրականացուցին այս մեծ ոճիրը: