Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յունուար 10-ին Թայլանտի մայրաքաղաք Պանկոկի մէջ, Հեռաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները համախմբուեցան, միասնաբար տօնելու համար  Սուրբ Ծնունդը: Թայլանտի հայկական պատարագը մատուցուեցաւ Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն եպիսկոպոս Նաջարեանի առաջնորդութեամբ:
Եպիսկոպոս Նաջարեանը նշեց, որ յուզումնալից է տեսնել Հերաւոր Արեւլքի տարբեր վայրերէ ժամանած հայորդիները, որոնք ամուր կը պահեն իրենց նախնիներու հաւատքը:
Թայլանտի թագաւորութեան մօտ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս պրն. Արտօ Արթինեանը նշեց, որ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ  հայկական համայնքները կը մեծնան եւ շատ կարեւոր է Հայրենիքէն հեռու մնալով՝ պահպանել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Այս առիթով Պանկոկ ժամանած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանը:
Հաւաքոյթին մասնակցեցան Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Մալէզիայէն, Սինկափուրէն, Թայլանտէն, Վիետնամէն շուրջ 80 հայեր: