Հանրածանօթ Քարտաշեան քոյրերը կը ծրագրեն Ապրիլին Հայաստան ճամբորդել, ամբողջ ընտանիքով:
E-News պարբերականը կը հաղորդէ այս լուրը, նշելով թէ ուղեւորութեան մանրամասնութիւնները դեռ յստակացած չեն, սակայն յայտնի է, որ Քիմ Քարտաշեանը մտադիր է իր հետ տանել նաեւ իր առաջնեկը՝ Նորթ Ուէսթը: Քարտաշեանի ամուսինը՝ հանրածանօթ ռափըր Քէյնէ Ուեսթը պիտի միանայ ճամբորդութեան, եթէ համերգային շրջագայութեան իր ծրագիրները թոյլատրեն:
Քորթնի Քարտաշեանը նոյնպէս պիտի ճամբորդէ իր երեխաներուն հետ: «Այցելութիւնը Հայաստան միշտ եղած է Քիմի ցանկութիւններէն: Ամբողջ ընտանիքը յուզուած է եւ կը փափաքին մօտէն ծանօթանալ իրենց ժառանգութեան» նշած է ընտանիքի շրջանակէն անձ մը: