1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք՝ Սթրազպուրկի մէջ քննարկումներուն պիտի մասնակցին Ամալ Քլունի եւ Ճէօֆրի Ռոպերթսըն, որ Հայաստանի իրաւական խումբի անդամներէն են:
Լոնտոնի փաստաբանական պալատէն հաստատած են Ամալ Քլունիի եւ փաստաբաններու պալատի ղեկավար Ճէօֆրի Ռոպեըրթսընի ներկայութիւնը, Տողու Փերինչեքի գործի քննութեան առումով:
Բրիտանական The Telegraph անդրադարձած է Փերինչեքի դատական հարցին, նշելով թէ վերջերս Ռոպերթսըն հրապարակած է իր գիրքը՝ «Խնդրայարոյց Ցեղասպանութիւն. Ո՞վ կը յիշէ հիմա հայերուն» խորագրով, ուր հեղինակը կÿապացուցանէ որ 1915ի սարսափելի դէպքերը կարելի չէ որեւէ այլ կերպով որակել, քան Ցեղասպանութիւն:
«Ամբողջ աշխարհի մէջ հայերը պիտի յիշատակեն Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը, Ապրիլ 24 2015ին: Տասնեակ հազարաւոր աշխատունակ մարդիկ սպաննուեցան, կիներ, երեխաներ եւ տարեցներ բռնի արտաքսուեցան Թուրքիայէն դէպի սուրիական անապատ» կը գրէ Telegraph, մէջբերելով նաեւ New York Timesի մէջ լոյս տեսած յօդուած մը, ուր կոտորածը կը ներկայացուի որպէս «ամբողջ հայ ազգը ոչնչացնելու ծրագիր»: Բրիտանական թերթը կ'եզրակացնէ գրութիւնը, նշելով թէ Թուրքիա կը շարունակէ հերքել ցեղասպանութեան փաստը, հակառակ որ այն ճանչցուած է աշխարհի աւելի քան 20 պետութիւններու կողմէ: