Փարիզի մէջ 3.7 միլիոն մարդ եւ աշխարհի ղեկավարներու մեծ թիւ մը համախմբած ցոյցին ներկայ էր նաեւ Ահմետ Տաւութօղլու, որու ներկայութիւնը հայկական շրջանակներու կողմէ բուռն կերպով դատապարտուեցաւ, բայց իրաց ներկայ կացութեան մէջ շատ լսելի չեղաւ: CCAF այս առթիւ, Իրաքի քրիստոնեաներու զօրակցութեան յանձնախումբին հետ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կÿըսէ, թէ «Շառլի Հէպտօ»ի ոգիին հայհոյանք մըն է Տաւութօղլուի մասնակցութիւնը, որու ներկայացուցած երկիրը «տէր» է բանտարկուած լրագրողներու մրցանիշին, ծանօթ է իր բերած նեցուկով ալ-Քաիտային եւ ՏԱՀԵՇ-ին, որոնք իրենց ահաբեկչութիւնը «արտածեցին» մինչեւ Փարիզ: Կը յիշուի նաեւ 2014 Յունուար 10ին Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչ երեք կիներու սպանութիւնը, որու կապակցութեամբ լուրջ կասկածներ կան թրքական գաղտնի սպասարկութեանց առընչուած: Հաղորդագրութիւնը կատարեալ գրգռութիւն կը նկատէ նաեւ Էրտողանի դեռ ընդամէնը քանի մը օր առաջ՝ Յունուար 6ին ըրած յայտարարութիւնը, թէ «իրենք գործօն կերպով պիտի պայքարին Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ», մինչ 2015ին, կը պատրաստուինք նշելու 100ամեակը: Եւ վերջապէս, CCAF կը յիշեցնէ, թէ քանի մը օրէն՝ սպանութեան 8րդ տարելիցին առթիւ պիտի նշենք յիշատակը «Շառլիէն առաջ Շառլի» եղած Հրանդ Տինքի, որու սպանութիւնը հրահանգողները դեռ չեն ձերբակալուած:
CCAF այս մասնակցութիւնը կը նկատէ նախատինք՝ մեռեալներուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր արժէքներուն, որոնց պաշտպանութեան համար կատարուեցաւ Կիրակի օրուան երթը: