Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Լիպէրասիոն»ի խմբագրութիւնը որոշած է հիւրընկալել «Շառլի Հէպտօ»ն, իր գրասեեակներուն մէջ անոր յատկացնելով անհրաժեշտ տեղը, որպէսզի երգիծաթերթի անձնակազմը կարենայ շարունակել իր աշխատանքը: «Մոնտ» ալ համակարգիչներ դրած է անոր տրամադրութեան տակ: Վարչապետ Վալս եւ Մշակոյթի նախարարուհի Ֆլէօռ Փըլըրէն յայտարարեցին, թէ Պետութիւնը մէկ միլիոն եւրոյի նպաստ մը պիտի յատկացնէ «Շառլի Հէպտօ»ին, որ պարտքերու մէջ խեղդուած է:

Հայաթ Պումէտիէն՝ ահաբեկիչներէն Ա. Գուլիպալիի կողակիցն է

Արարքներէն ետք, որպէս վտանգաւոր անձնաւորութիւն ինք եւս կը փնտռուէր: Սակայն Յունուար 10ին պարզուեցաւ, որ Յունուար 2ին Ֆրանսայէն հեռացած եւ 8ին ալ Թուրքիոյ սահմանէն Սուրիա անցած է: Գերմանիոյ մէջ, «Շառլի Հէպտօ»ի երգիծանկարները արտատպած թերթի մը
խմբագրատունը հրկիզուած է: Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ լոյս տեսնող Hamburger Morgenpost թերթին խմբագրատունը ոճրային հրդեհի մը թիրախ դարձած է Յունուար 10էն 11ի գիշերը: Գերմանական թերթը՝ «Շառլի Հէպտօ»ի ջարդէն ետք արտատպած էր վերջինիս կողմէ հրատարակուած Մոհամմէտ մարգարէի երգիծանկարներէն: