Ֆրանսական «Հաֆինկթըն Փոսթ»ը կը տեղեկացնէ, որ Չարլի Հեպտոյի ծաղրանկարիչներէն Մաթեու Մատէնեան հաստատութեան վրայ կատարուած անարգ յարձակումի ընթացքին գործէն բացակայութեան բերումով ազատուած էր հաւաստի մահէն:
Չարաբաստիկ այդ օրուան առաւօտուն Մատէնեան հեռաձայնած էր Չարլի Հեպտոյի իր գրասենեակը եւ տեղեկացուցած, որ գործի պիտի չգայ: Մատէնեան կատակելով իր գործընկերներուն յայտնած է, որ գրասենեակ գալու ատեն իր հետ Յայտնութեան պատկերով տորթ պիտի բերէ: «Փոսթ»ի լրագրողը արձագանգելով այս տեղեկութեան Մատէնեանին յայտնած է, որ զինք փրկողը եղած է յայտնութեան պատկերը. «քեզ մոգերը փրկեցին», ըսած է լրագրողը:
«Անհաւատալի է: Մայրս քանիցս հեռաձայնած ու պատգամ թողած էր հարցնելով ուր ըլլալս. Ես միայն մահացողներու մասին կը մտածէի», ըսած է Մատէնեան: