Հայ Մը Ընտրուած Է Թուրքիոյ Փոքրամասնութեանց Ներկայացուցիչ
«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ ընտրուած է ազգութեամբ հայ Թորոս Ալճանը:
Ալճան այդ պաշտօնին ընտրուած է՝ ստանալով 90 քուէ, իսկ անոր մրցակիցը՝ հրեայ Սիլվիօ Ովատիան ստացած է 36 ձայն:
Թորոս Ալճան ծնած է 1996-ին, Պոլիս: Ան մասնագիտութեամբ ատամնաբուժ է:
----------------------------
ՇԱՒԻԼ
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
ԱՐԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՍԻՐԱԾ
ՄԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Շաւիլի եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբը, եկեղեցւո կէս լեցուն «Պալապանեան» սրահին մէջ կ’ընդունէր Հայ դատի անխոնջ նուիրեալ Արա Գրիգորեանը, իր վերջին աշխատասիրութեան՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքին եւ գործին նուիրուած գիրքին լոյս ընծայման առթիւ: Ան կը բաղկանայ երկու հատորներէ. առաջինը յատկացուած է յեղափոխական գործիչ, ՀՅԴ-ի հիմնադիր Քրիստափորի կենսագրութեան, իսկ երկրորդը՝ տեսակ մը «բառարան» է, առաջինին մէջ նշուած շուրջ 500 անուններու կենսագրականներով:
Երեկոյթին բացումը կատարեցին Կրօնական Ընկերակցութեան ատենապետ՝ Ժագ Փանոսեան եւ մշակութային պատասխանատուն՝ Հրայր Հրաչեան, որոնք երկուքն ալ յիշատակներ պատմեցին հեղինակին հետ իրենց ունեցած բարեկամութենէն: Ապա, Արա Գրիգորեան մանրամասնօրէն պատմեց, թէ ի՛նչպէս վեց տարիներ առաջ առիթ մը ունեցած է աւելի մօտէն ծանօթանալու իր իսկ կուսակցութեան հիմնադիրին պայծառ դէմքին եւ որոշած է անոր նուիրել ուսումնասիրութիւն մը: Ատիկա պահանջած է շուրջ 50.000 էջերու ընթերցում ֆրանսերէն, հայերէն… նաեւ դժուարին սովետական ուղղագրութեամբ: Եւ արդիւնքը՝ այսօրուան այս երկու հատորներն են իրենց 500 էջերով (320+180), որոնց ընդմէջէն կը յայտնուին դաշնակցական այս գործիչին լայն մտասեւեռումները եւ լայնախոհութիւնը, որոնք իրեն ապահոված են մեծ յարգանք, նոյնիսկ՝ քաղաքական իր հակառակորդներէն:
Քրիստափոր Միքայէլեան ծնած է Ագուլիս, Նախիջեւանի Գողթն գաւառին մէջ, 1859ին: Կանուխէն որբացած, ան խորապէս պիտի ազդուէր 1885ին Ալեքսանտր Գ. ցարին կողմէ Կովկասի հայկական բոլոր դպրոցները փակելու որոշումէն: Այնուհետեւ, ան իր կեանքը պիտի նուիրէր իր ազգին ազատագրումի պայքարին, զայն փրկելու համար ցարական ճնշումներէն եւ օսմանեան լուծէն. 1890ին Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) եւ Սիմոն Զաւարեանի հետ պիտի հիմնէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Այս արդար դատը Եւրոպայի մէջ լսելի դարձնելու համար Ֆրանսայի մէջ ալ պիտի ստեղծուէր «Փրօ-Արմէնիա» շարժումը որու նախագահութիւնը պիտի ստանձնէր իր բարեկամը՝ Փիէր Քիյար, ապա պիտի հիմնուէր «Դրօշակ» թերթը, տարածելու համար կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը:
1904ին, կուսակցութեան համագումարին կ’որոշուի բնաջնջել Ապտուլ Համիտ Բ.ը, որ 1896 եւ 1897ին՝ 300.000 Հայերու սպանութեան պատասխանատուն էր: Այդ մահափորձի պատրաստութիւններուն ընթացքին է, որ Քրիստափոր կը մահանայ 1905 Մարտ 5ին, որպէս հետեւանք՝ իր պատրաստած ռումբին արկածով պայթումին: Իր շիրիմը կը գտնուի Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի հանրային գերեզմանատան մէջ:
Տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք այս գործէն կը յայտնաբերենք իսկապէս եզակի անձնաւորութիւն մը որ, ինչպէս եզրակացուց Արա Գրիգորեան՝ «եթէ այսօր ապրէր, պիտի կարենար կարգել հուրն ու ջուրը»:
Երեկոյթը վերջ գտաւ քանի մը հարցումներով, ապա զրոյցները շարունակուեցան բարեկամական բաժակներու շուրջ, մինչ հեղինակը կը մակագրէր իր գիրքը:
ՀՐԱՅՐ ՀՐԱՉԵԱՆ
--------------------
Թուրք Գրող Ալի Պայրամի
«Արսինէ» վէպը
Թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ Այճա Թիւրքմէն կը գրէ, թէ թուրք գրող Ալի Պայրամի հեղինակած «Արսինէ» վէպը, որ կը պատմէ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ աղջնակի մը պատմութիւնը, Հայկական Հարցին մասին պետական տեսանկիւնէն տարբեր եւ յաջող ստեղծագործութիւն մըն է:
«2015ին՝ հայ-թրքական խնդիրներու 100ամեակին, հեղինակը երկու ժողովուրդներուն միջեւ մէկ դարէ ի վեր շարունակուող հարցին կը մօտենայ այլ տեսանկիւնէ, որուն շնորհիւ թուրք եւ հայ ընթերցողներու կողմէ մեծ ուշադրութեան կ’արժանանայ», կը նշէ Թիւրքմէն: Բազմաթիւ կառոյցներու եւ միութիւններու կողմէ այս ստեղծագործութեան հեղինակը ներկայացուած է իբրեւ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու: