Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու խնդրանքին ընդառաջելով, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակով,

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն անջատուած են Մեքսիքոյի հայ համայնքները եւ միացուած են Արեւմտեան թեմին: Նկատի առնուած են նաեւ Մեքսիքոյի եւ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքներու փոխադարձ սերտ առընչութիւնները եւ Մեքսիքոյի աշխարհագրական դիրքի նպատակայարմարութիւնը: