Աղէտէն փրկուած Նշան Գրիգորեան,
Օնթարիոյի մէջ հետագային
հիմնեց հայկական առաջին եկեղեցին
«Միլիյէթ» թերթի կայքէջին վրայ հրատարակուած է Թիթանիք անդրատլանեանի արկածին հետ կապուած պատմութիւն մը, որուն հերոսներն են Պինկէօլցի հայեր:
Թիթանիքի անմոռանալի արկածի վերաբերեալ ճոխ լուսանկարներու ընկերակցութեամբ հրատարակուած պատմութեան մէջ կը կարդանք հետեւեալը.-
Թիթանիքը այդ շրջանի մեծագոյն ու ամէնէն փարթամ ճամբորդանաւն էր: Նաւը իր առաջին ճամբորդութիւնը պիտի իրականցնէր Անգլիոյ Սաութափթըն քաղաքէն ճամբայ ելլելով դէպի Նիւ Եորք: Ճամբորդանաւուն բախտաւոր ուղեւորն էին մեծամասնութեամբ աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդիկը, քոնթէսներ, լորտեր, որոնք յափշտական էին տոմսերը:
Նաւուն ամէնէն վարի յարկին վրայ կը գտնուէին երրորդ կարգի սենեակները, որոնց իսկ արժէքը այսօրուան չափանիշներով հազար տոլար էր:
Ճամբորդութեան հինգերորդ գիշերը, 14 Ապրիլ 1912ին, ժամը 23:30ին, հսկայ նաւը զարնուեցաւ սառնակոյտի մը: Երեք ժամուան մէջ ընկղմեցաւ, գնաց: Փրկուողները մեծամասնութեամբ առաջին եւ երկրորդ կարգի սենեակներու ուղեւորներն էին, որովհետեւ երրորդ կարգի սենեակնրուն դռները կղպուած էին եւ այդ սենեակներուն մէջ ճամբորդող ուղեւորներուն երկու երրորդը ընկղմեցաւ նաւուն հետ միասին:
Ահա այդ երրորդ կարգի սենեակներու ուղեւորներէն հինգը Պինկէօլի Քղի գաւառակէն Գանատա երթալ ուզող հայեր էին: Անոնք կը կրէին Օսմանեան անցագրեր: Գանատայի մէջ նոր կեանք մը ստեղծելու համար Անատոլուէն կը բաժնուէին՝ 20 տարեկան Նշան Գրիգորեան, Օգսէն Սիրականեան, Արթին Զաքարեան, Դաւիթ Վարդանեան, Մամբրիէտէտէր Զաքարեան: Ասոնք Պինկէօլէն ն ախ Մարսէյլ գացին, բայց հոն չկրցան գտնել ամմերիկա գացող նաւ մը: Այդ միջոցին տեսան ֆրանսական ընկերակցութեան մը ծանուցումին մէջ Թիթանիքի անունը, բայց այս անգամ ալ տոմսակ չկըրցան գտնել, որովհետեւ Թիթանիքի առաջին ճամբորդութիւնը արդէն իսկ այնքան մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր, որ բոլոր տոմսակները կը վաճառուէին կաշառքով: Ճարահատ, Պինկէօլցի հայերն ալ որոշ կաշառք մը վճարելով գնեցին երրորդ կարգի սենեակի տոմսակներ, ամէն մէկը եօթը սթերլին:
Հինգ հայերը այս ճամբորդութեան հինգերորդ օրը Դաւիթ Վարդանեանի ծննդեան տարեդարձն ալ տօնեցին իրենց միջեւ: Մինչեւ գիշրը ժամը 23:00 թղթախաղ խաղացին, յետոյ գացին իրենց սենեակները: Կէս ժամ վերջ նաւը ահաւոր աղմուկով մը ցնցուեցաւ: Երբ ուզեցին դուրս ելլել, որպէսզի տեսնեն թէ ի՛նչ պատահած էր, տեսան որ սենեակներուն դռները կղպուած էին: Նաւուն մէջ դռները կղպող ինքնագործ մեքենականութիւն մը կար, որպէսզի երրորդ կարգի ճամբորդները չկարենային անցնիլ առաջին եւ երկրորդ կարգի սենեակներու բաժիններուն մէջ: Այս մեքենականութիւնն էր որ ինքնագործ կերպով փակ կը պահէր դռները:
Դաւիթ եւ Նշան յաջողեցան կտրել իրենց սենեակներուն կղպանքները, բայց միւսները չկրցան այնքան բախտաւոր ըլլալ: Երկուքը երբ դուրս ելան, գետինը սառի կտորներ տեսան: Անմիջապէս վազեցին դէպի վերի յարկերը: Ամբողջ նաւուն մէջ ահաւոր խուճապ կար:
Տասնեակ հազարաւոր տոլար վճարող ճամբորդներու կարգին իրենք ալ կ'ուզէին դառնալ առաջին փրկուողները: Մասնաւոր փրկարար նաւակներ կային եւ ուղեւորները դուր կը հանէին նաւէն: Դաւիթ յաջողեցաւ նստիլ թիւ 13 նաւակին մէջ, իսկ Նշան տեղ գրաւեց 10 թիւ նաւակին մէջ: Իրականութեան մէջ անոնք նաւակէն ներս չէին ընդունուած, բայց վերէն ցատկեցին եւ այդպէս յաջողեցան փրկել իրենց կեանքը:
Պինկէօլի մէջ մնացած անոնց ազգականները ամիսներ վերջ է որ լսեցին այս աղէտը, որովհետեւ անոնք չէին գիտեր նոյնիսկ թէ իրենց ազգականները Թիթանիքով ճամբայ ելած էին: Նշան «Ճեներալ Մոթորզ» ընկերակցութեան մէջ գործ գտաւ: Գանատայի Օնթարիօ քաղաքին մէջ նոր կեանք մը հիմնելէ ետք, իր եղբայրներն ալ քովը առնելով, հիմնեց երկրին մէջ առաջին հայկական եկեղեցին: Ըստ իր թոռան՝ Վան Սողոմոնեանի, Նշան 89 տարեկան հասակին մէջ մահացաւ, բայց անգամ մըն ալ երբեք նաւ չնստաւ: Նոյնիսկ, երբ ամբողջ ընտանիքը պտոյտներ կը սարքէր լիճերու ափին, ան կը նախընտրէր տուն նստիլ եւ իր համրիչին հատիկները համրել:
Թիթանիքը ունէր 2.223 ուղեւորներ: Իրականութեան մէջ պիտի ունենար 2.224 ուղեւոր, բայց վաճառուած տոմսակներէն մէկուն տէրը, վերջին վայրկեանին չկրցաւ տեղ գրաւել նաւուն մէջ: Այդ տոմսակը կը պատկանէր թուրք բժիշկի մը, Պէսիմ Էօմէր Ագալընի, որ Ֆրանսայէն ճամբայ ելլելու ընթացքին, աննպաստ օդի հետեւանքով չկրցաւ երթալ մինչեւ Սաութափթըն եւ նաւը փախցուց...: