«Նուվէլ տ'Արմէնի» ամսաթերթը 2015 Յունուարի իր թիւին մէջ շատ կարեւոր եւ նոյնքան աղմկայարոյց փաստաթուղթ մը հրապարակած է: Ան կը վերաբերի ելեկտրոնային թղթակցութեան մը, որ տեղի ունեցած է 2012 Փետրուար 28ին, Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող բանաձեւին Սահմանադրական
Խորհուրդին կողմէ մերժումին օրը: Ելեկտրոնային փոխանակումը տեղի կ'ունենայ Ֆրանսայի նախկին ծերակուտական եւ Սահմանադրական Խորհուրդի անդամ Հիւպէր Հենէլի եւ իր թուրք բարեկամին՝ Արտաքին գործոց նախկին նախարար Եաշար Եաքըշի միջեւ, որ ծանօթ է որպէս ֆրանսասէր եւ թրքական լոպիի գործօն անդամ: Մինչ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը կոչուած է անկողմնակալ, չէզոք ու արդար ըլլալու, տեղի ունեցած փոխանակումին բովանդակութենէն կը ստացուի այն տպաւորութիւնը, թէ Հենէլ հոն ներկայ է կարծէք որպէս թրքական կողմին ներկայացուցիչը, ժամը-ժամուն տեղեկութիւններ փոխանցելով իր թուրք բարեկամին եւ թելադրելով անհոգ ըլլալ ինչ կը վերաբերի ելքին: Նախքան արդիւնքին յայտարարուիլը, ելգիրի մը մէջ Հենէլ կը վստահեցնէ. “Գոհ պիտի ըլլաք արդիւնքէն”, ուրիշ ելգիրի մը մէջ կը գրէ. “Կը բաժնեմ [արդիւնքին] ձեզի ապահոված սփոփանքը”, եւլն.:
Ֆրանսական «Մարիանն» շաբաթաթերթն ալ արտատպած է հայկական ամսաթերթին մէջ լոյս տեսած այս յոյժ կարեւոր լուրը եւ փաստաթուղթին պատճէնը:
ՇՈՒԷՏ
Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը յանցանք ՉԻ նկատուիր
Շուէտի դատարանը արձակած է վճիռ մը, ըստ որուն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն չի նկատուիր:
Այս վճիռը արձակուած է որպէս հետեւանք այն բողոքին, որ զանազան շրջանակներու կողմէ ներկայացուած էր ընդդէմ թրքական կազմակերպութիւններու եւ թերթերու, որոնք վերջերս շարունակ կը պնդեն թէ Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութիւն չէ գործուած: Շուէտի դատարանի դատաւորներէն Լինտա Մոլինի վերջնական վճիռը այն է, թէ հակառակ անոր որ Շուէտի Խորհրդարանը ընդունած է Հայերու ու Յոյներու դէմ գործուած ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն չէ, այլ կը մտնէ մամլոյ ու կարծիքի ազատութեան շրջանակին մէջ: