Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հ.Յ.Դ. 124-րդ ամեակի հանդիսութիւն Հալէպի մէջ

ՀԱԼԷՊ, «ԳԱՆՁԱՍԱՐ» ¬ 124 Տարի Մտքի, Կամքի եւ Խղճի Երթ» բնաբանով Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծննդեան 124րդ տարեդարձի ժողովրդային հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ Բ.-ի Ներկայացուցիչ Ընկ. Հրանդ Մարգարեանի, Հ.Հ. Գլխաւոր Հիւպատոսին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Հալէպի Հոգեւոր Պետերուն, Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, Ազգային Վարչութեան, Ազգային, մարզական, մշակութեային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ՄՏՔԻ, ԿԱՄՔԻ ՈՒ ԽՂՃԻ երթին հաւատացող Հալէպահայ հոծ բազմութեան:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն յաջորդեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող Հայերէն բացման Խօսքը, Ընկհ. Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պօղիկեանի կատարողութեամբ, որ Դաշնակցութեան օրը որպէս հաշուեհարդարի Օր նկատեց եւ բացուած յայտարարեց օրուան հանդիսութիւնը, ապա արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ընկ. Ճորճ Պապեան, որմէ ետք յեղափոխաշունչ երեք երգերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Յարութ Ալապոզանեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Ռուզան Պարսումեանի:
Ապա ներկաները հետեւեցան տեսաերիզի մը «Հ.Յ.Դ. Պատմութիւնն ու անոր ներդրումը Սուրիահայութեան եւ յատկապէս Հալէպահայութեան կեանքին մէջ» խորագրով: Գեղարուեստական յայտագրին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ ընկ. Նշան Փափազեան եւ Ռուզան Պարսումեան նուագով, ընկ. Գէորգ Շահինեան եւ ընկհ. Նանոր Մինասեան ասմունքով եւ պրն. Յովիկ Գլընճեան մեներգով:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Ներկայացուցիչ ընկ. Հրանդ Մարգարեանը, որ Հայաստանի քաղաքական ներկայ անցուդարձերուն շուրջ ընդհանուր ակնարկ մը ներկայացնելէ ետք կոչ ուղեց Սուրիահայերուն գոտեպնդուելու եւ տոկալու բոլոր դժուարութեանց:
Հուսկ, Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց փոխակերպուելու՝ հոգեպէս, մտային մեր ներաշխարով եւ յատկապէս մեր կեցուածքներով, կերտելու նորանոր նուաճումներ:
Հ.Յ.Դ. 124րդ ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով:

ՀՅԴ 124-ամեակի տօնակատարութիւն Բերձորի մէջ
 
Դեկտեմբեր 19-ին ԼՂՀ Քաշաթաղի Բերձորի մէջ  նշուեցաւ ՀՅԴ 124- ամեակը:
Միջոցառման սկիզբը ներկաները այցելեցին Բերձորի յուշահամալիր եւ  իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Արցախեան պատերազմին ընթացքին նահատակուած ազատամարտիկներուն:
Միջոցառման ներկայ էին ԼՂՀ Քաշաթաղի  շրջանային վարչակազմի ղեկավար Սուրէն Խաչատրեան, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներ, պաշտօնատար այլ անձեր:
Շնորհաւորելով ներկաները՝ «Միջնաբերդ» ենթակոմիտէի ներկայացուցիչ Արին Գալստեան նշեց, որ Բերձորի եւ Քաշաթաղի շրջանի այլ բնակավայրերու վերաբնակեցման գործին  տարիներ շարունակ ՀՅԴ-ն իր աշխուժ եւ անմիջական մասնակութիւնը ունեցած է:
 ‹‹ՀՅԴ  հաւատամքը  հայերի երազած երկիրը կառուցելն է: Այսօր նա լծուած է այդ գործին: Իսկ մենք հպարտ ենք, որ ապրում ենք այստեղ՝  որպէս հաստատուն արցախցի: Երիցս հպարտ ենք, որ ապրում ենք մի հողում, որը մեր ընկերների, եղբայրների արեամբ է ազատագրուած››- նշեց ան:
ԼՂՀ ԱԺ պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Վահրամ Բալայեան, անդրադառնալով Դաշնակցութեան առաքելութեան, նշեց, որ մէկ հարիւրամեակէ աւելի է արդէն, որ Դաշնակցութիւնը կոչուած է իր ուսերուն տանելու հայ մարդու հոգսը, որպէսզի  հայոց երկրին մէջ՝ Մեծ Հայքի տարածքին մէջ, ըլլայ պետականութիւն,  հայ մարդը ունենայ արժանավայել կեանք:
Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը իր գործնէութեան ամբողջ ժամանակահատուածին մէջ ապացուցեց, որ հայ մարդը կարող է եւ արժանի է պետականութիւն ունենալու: Այդ պետականութիւնը ստեղծուեցաւ դժուարագոյն պայմաններու մէջ, այդ պայմաններուն կուսակցութիւնը կարողացաւ  պատիւով կատարել՝ ստեղծելով թէ բանակ, թէ  պետական մեխանիզմներ, որոնք կարողացան դիմակայել բազմաթիւ ճնշումներու՝ թէ Թուրքիայի, թէ նորելուկ Ատրպէյճանի, թէ պոլշեւիկներու կողմէ:
Միջոցառումը եզրափակուեցաւ տօնական համերգով: