Սուրիոյ արեւելքը գտնուող՝ Տէր Զօրի շրջանին մէջ, հաւաքական գերեզման մը յայտնաբերուած է:
BBC-ի հաղորդմամբ՝ կ՛ենթադրուի, որ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման զինեալները աւելի քան 230 մարդ սպաննած են: Լոնտոնի մէջ հիմնուած «Սուրիոյ մարդու իրաւունքներու դիտարան»-ի պնդումով՝ սպաննուածները «Շէյթաթ» ցեղախումբի անդամներն են, որոնք ամրանը Տէր Զօրի մէջ կը մարտնչէին ջիհատականներու դէմ: