Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ճափոնի Դեսպանատան Իշխանական Նուիրատուութեամբ.
Ազգային Յառաջ - Գ. Կիւլպենկեան Քոլեճի Վերանորոգուած Շէնքի Բացման Հանդիսութիւն

Երէկ` ուրբաթ, 19 դեկտեմբեր, 2014-ի առաւօտեան, մեծ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ Այնճարի Ազգային Յառաջ - Գ. Կիւլպենկեան քոլեճի վերանորոգուած շէնքին:

Վարժարանի մեծ ընտանիքն ու գիւղի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դարպասին մօտ մեծ շուքով դիմաւորելէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու Ճափոնի դեսպանը, ուղղուեցան «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահ, ուր աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը: Ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, քահանայ հայրերու, Ազգային իշխանութեանց ուսումնական եւ Կալուածոց խորհուրդներու, վարժարանի խնամակալութեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի, ծնողական խորհուրդի եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, բացումը կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրին:
Լիբանանի, Ճափոնի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց, որ 73-ամեայ վարժարանի պատմութեան էջերը այսօր կը լուսաւորուին «Բարձրացի՛ր ու բարձրացո՛ւր» նշանաբանով առաջնորդուող Ճափոնի դեսպանատան կատարած ազնիւ ծառայութեան օրինակով:
Արմէն Թաշճեան ակնարկով մը մէջբերելէ ետք Ճափոնի ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնները, աւելցուց, որ Ճափոնի դեսպանատան բարերար ներդրումը յստակ պատգամը կը հանդիսանայ, որ կրթութիւնն ու ուսումը կը մնան գլխաւոր դրամագլուխը տագնապներ յաղթահարելու, խզուած կամուրջներ վերականգնելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու:
Վարժարանի ընտանիքին անունով տնօրէնը ըսաւ. «Ոգեւորուած ու քաջալերուած ենք, ձեր նեցուկով, միեւնոյն ատեն հպարտ ենք, որ մեր կողքին էք, եւ մասնակից մեր առաքելութեան: Շնորհիւ ձեր բարերար ներդրումին, մեր վարժարանի 45 տարուան կառոյցը հիմնովին պատշաճեցաւ արդի առողջապահական եւ կրթական միջավայրի չափանիշներուն եւ յարմարութեանց»:
Ա. Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս բարերար նախաձեռնութեան յաջողութեան, ի մասնաւորի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական եւ Կալուածոց խորհուրդներուն, վարժարանի խնամակալութեան, տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Սեդա Մանկասարեաններուն, դեսպանատան աշխատակազմին, նախապատրաստական աշխատանքներուն իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած Եսայի Հաւաթեանին եւ Հրակ Սթամպուլեանին, «Ֆորմիփրօ» հաստատութեան եւ ճարտարապետ Տիգրան Գալուստեանին` ամբողջ գործը ղեկավարելու եւ իր յաջող աւարտին հասցնելու համար:
Ապա բեմ բարձրացաւ նախակրթարանի երգչախումբը եւ ներկայացուց «Երգում են բոլորը» երգը եւ արաբերէն երգ մը:
«Ձիկան» պարով բեմը ճոխացուց 7-8-րդ դասարաններու պարախումբը, որուն յաջորդեց քոլեճի կառոյցի համապարփակ վերանորոգումը ներկայացնող փաուըր փոնյթի ցուցադրութիւնը:
3-4-րդ դասարաններու ազգագրական պարէն ետք, խօսք առաւ Ճափոնի դեսպանը, որ ողջունեց բոլորը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատրաստուած գեղեցիկ հանդիսութեան համար:
Ան ըսաւ. «Հիացումով իմացայ, թէ 1941-էն սկսեալ հիմը դրուած է այս կրթօճախին, որ մինչեւ այսօր ուսում ու կրթութիւն կը ջամբէ հայ սերունդին: Ինչպէս նաեւ մեծ ուրախութեամբ կը տեսնենք, որ մեր ներդրումով վերանորոգուեցաւ այս կառոյցը»:
Ապա անդրադառնալով տիրող քաղաքական անկայուն վիճակին ան ըսաւ, որ հպարտ ենք, որ այս դպրոցը իր դռները լայն բացած է ընդունելով սուրիահայ գաղթականներ: Ապա «ան որ կը մեղքնայ ուրիշին, կը յիշէ ինքզինք» Ճափոնական առածը մէջբերելով ըսաւ, թէ ազնուութիւնն ու փափկանկատութիւնը, որ կը կատարենք հանդէպ մեր բարեկամին, անպայման ապագային կ՛արդիւնաւորուի բարիքով ու լաւ գործերով:
Խօսքի աւարտին, գնահատելով ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրը, դեսպանը հաւաստիացուց ներկաներուն, որ Ճափոնի ժողովուրդն ու դեսպանատունը միշտ պիտի ըլլան վարժարանին կողքին:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան , որ գնահատեց Ճափոնի դեսպանատան կատարած բարերար ներդրումը եւ ըսաւ. «Մեր ճիգերուն մէջ առանձին չենք, այլ ունինք բարեկամներ, որոնք զօրավիգ կը կանգնին մեզ մեր տագնապալի օրերուն»:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ պատուով պահուի վերանորոգ կառոյցը եւ բազմաթիւ սերունդներ աճին ու ուռճանան այնտեղ:
Հանդիսութեան աւարտին տնօրէնը վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով առ ի երախտագիտութիւն կատարուած բարերար ներդրումին Առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնեց Ճափոնի դեսպանին:
Ներկաները ուղղուեցան քոլեճի բակը, ուր կատարուեցաւ բացման արարողութիւնը, ապա անոնք շրջեցան շէնքի վերանորոգուած բոլոր բաժանմունքները:

---------------------------------------------

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ՝ «INTERNATIONAL CRIMINAL LAW REVIEW»Ն ԲԱՑԱՌԻԿ ԹԻՒ ՄԸ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

«International Criminal Law Review»ն, 2014 թուականին բացառիկ թիւ մը յատկացուցած է Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած Հայ Դատին նուիրուած համագումարին։

Յայտնենք, որ 23-25 Փետրուար 2012-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով ու նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած էր միջազգային համագումար մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Ճանաչումէ դէպի հատուցում» թեմայով։ Համագումարին մասնակցած էին աւելի քան երեսուն միջազգային օրէնքի ու ցեղասպանութեան օտար մասնագէտներ։ Համագումարի կազմակերպման մէջ կարեւոր դեր էր ունեցած Լիբանանեան համալսարանի միջազգային օրէնքի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։
Վերոյիշեալ հատորը կը ներառնէ համագումարին ներկայացուած բոլոր դասախօսութիւնները։ Ներածականը գրուած է Վեհափառ Հայրապետին կողմէ. իսկ հատորը խմբագրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտներէն Henry Theriault-ի կողմէ։ «International Criminal Law Review»ն միջազգային ճանաչում վայելող հրատարակութիւն մըն է։ Հետեւաբար, յիշեալ հրատարակութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առի- թով, մեծ հետաքրքրութիւն կրնայ յառաջացնել միջազգային օրէնքով ու ցեղասպանութեամբ զբաղող շրջանակներէն ներս։

----------------------------------

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Կռունկ» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգը

Կազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, Կիրակի, 21 Դեկտեմբերին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ՝ կատարողութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Կռունկ» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժան Փիեռ Աստիկեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Աթէշեան: Ան հաստատեց, որ Քրիստոսի ծնունդը գործնական սէր է, յատկապէս երբ կը նուիրուինք բ արի գործեր կատարելու համեստ ու պարզ հոգիով: Ան նկատել տուաւ, որ շարականները հզօր կապ մը կը հիւսեն երկինքի եւ երկրի միջեւ՝ աւելցնելով, որ սոյն ելոյթը նաեւ խորհրդածութեան եւ աղօթքի պահ մը պիտի ըլլայ:
Այնուհետեւ «Կռունկ» երգչախումբը ներդաշնակ երգեցողութեամբ մեկնաբանեց Ս. Ծննդեան շարականներու փունջ մը՝ նաեւ զանազան լեզուներով. «Խորհուրդ մեծ», «Ով զարմանալի», «Ս. Ծնունդ», «Երգ Նոր տարուան», «Քրիստոս ծնաւ», «Կլորիա», «Ճինկըլ պելզ» եւ այլն: Երգչախումբին մերթ ընդ մերթ ջութակով ընկերացաւ Ռիթա Աստիկեան, ինչպէս նաեւ տհոլի վրայ‘ Նազելի Չիթճեան:
Աւարտին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ սրտի խօսք ուղղելով մեծապէս գնահատեց երգչախումբի կատարումը՝ հաստատելով, որ ներկայացուած համերգին շնորհիւ կրցանք զգալ եւ ապրիլ Ծնունդի մթնոլորտը:

------------------------------------------------------------

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ
Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

Շաբաթ, 20 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 15:00, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած «Ճշդէ՛ ապագադ» խորագիրով համալսարանական մասնագիտութիւններու միացեալ արեւելումը, որուն նպատակը եղաւ մէկտեղել հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութիւնն ու բոլոր մասնագիտութիւններէն աւարտած եւ իրենց ասպարէզին մէջ աշխատող երիտասարդները:
Այսպիսով, աշակերտները առիթը ունեցան զրուցելու այդ երիտասարդներուն հետ իրենց նախասիրած մասնագիտութիւններուն մասին՝ յստակացնելու ապագայի իրենց գործի առիթներն ու պայմանները:
Ներկայ եղան մեծ թիւով ա- շակերտներ եւ կարգ մը ուսուցիչներ, որոնք ընկերացած էին իրենց աշակերտներուն՝ քաջալերելով զանոնք մասնակցելու այս ձեռնարկին:
Նշենք նաեւ, որ բոլոր ներկաներուն անունները արձանագրուեցան, եւ վիճակահանութեամբ մէկ աշակերտ կրթաթոշակի օժանդակութիւն մը պիտի ստանայ՝ ԱՖՀԻԼ հաստատութեան կողմէ տրամադրուած: