Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կառավարական ուժերու եւ ընդդիմադիրներու զինեալ խումբերու աւելի քան 120.000 զինուորներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են Սուրիոյ մէջ, 2011 թուականէն ետք: 

Այս տուեալները հանրութեան տրուած են վերջերս, նշելով թէ 200.000 մարդ իր կեանքը կորսնցուցած է պատերազմին ընթացքին, մինչ միլիոնաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են հեռանալու իրենց բնակավայրերէն:
Սուրիոյ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը, որ Լոնտոնի մէջ տեղակայուած է, դիտել կուտայ թէ վերջին 5 ամիսներուն ընթացքին, աւելի քան 11.000 զինուոր սպաննուած է՝ պայթումներու, մարտերու, օդանաւներու ջախջախումներու, ինքնասպանութեան յարձակումներու, դիպուկահարներու կրակոցներու կամ թակարդերու հետեւանքով: