Պելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի խորհրդարանները վաւերացուցած են Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու մասին համաձայնագիրը:
Պելոռուսական «Պելթա» կայքը կը հաղորդէ, թէ Պելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալեքսանտր Միխնեւիչ՝ ներկայացնելով Հայաստանի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրի վաւերացման օրինագիծը, յայտնած է, որ Պելոռուսիոյ խորհրդարանին մէջ միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը պիտի չընդգրկուի Եւրասիական տնտեսական միութեան կազմին մէջ՝ Հայաստանի անդամակցութենէն ետք:
«Մենք մտահոգութիւն ունինք, որ այն տարածքները, որոնք չեն գտնուիր Հայաստանի կազմին մէջ, կրնան յայտնուիլ Մաքսային միութեան կազմին մէջ: Հայկական կողմը ըմբռնումով մօտեցաւ այդ պահանջին: Համաձայնագիրին կցուած է նշում մը այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի Հանրապետութեան մաս չի կազմեր: Հնչած է հայկական կողմի պաշտօնական բանաւոր յայտարարութիւնը», նշած է ան:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ չկայ որեւէ խոչընդոտ՝ Հայաստանը «տէ ֆաքթօ» Մաքսային միութեան մասնակից եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ապագայ անդամ դարձնելու համար:
Ղազախստանի խորհրդարանը փաստաթուղթը ուղարկած է երկրի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւին՝ ստորագրման համար, որմէ ետք համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ: