Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մի քանի օրերէ ի վեր հայաստանեան մամուլի էջերուն մէջ լուր մը կար, թէ ծանօթ դերասան Ճորճ Քլունի Հայաստան պիտի այցելէ Ապրիլի ընթացքին, «System of A Down» խումբին հետ, համերգի մը առիթով: Յստակացնելու համար   տեղեկութիւնները, «Ասպարէզ» կապ հաստատած է խումբի երգիչ եւ յօրինող Սերժ Թանքեանի հետ, որ իր կարգին ըսած է, թէ այդ մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի։
Նշենք, որ «System of A Down» խումբը հաղորդած է, թէ նախքան իր «Հոգիները Արթնցուր» համերգներու եւրոպական շարքը, Ապրիլ 6ին ելոյթ պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Ֆորում» սրահին մէջ։  Այնուհետեւ 2015-ի Ապրիլի 10-20 խումբը համերգներ պիտի ունենայ Մեծ Բրիտանիոյ (10-ին), Գերմանիոյ (13-ին), Ֆրանսայի (14-ին), Պելճիքայի(16-ին), Հոլանտայի (17-ին) եւ Ռուսաստանի (20-ին) մէջ:
Ապրիլ 23-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի նախօրէին, խումբը բացօթեայ համերգ պիտի տայ Երեւանի՝ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ:
«Խումբը, ինչպէս գիտէք, երկար տարիներ պայքար կը մղէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ: Անոնց արուեստը բարձր գնահատանքի արժանացած է ամբողջ աշխարհի մէջ, յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Երեւանեան համերգը պիտի կայանայ միջազգային համերգաշարի ծիրէն ներս» ըսած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան` աւելցնելով, համերգ-նախաձեռնութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչման եւ պիտի ըլլայ անվճար: