Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Լրագրողներ Առանց Սահմանի» միջազգային կազմակերպութեան հրապարակած զեկոյցին համաձայն՝ 2014 թուականին աշխարհի տարածքին 66 լրագրող սպաննուած է, իր աշխատանքը կատարելու ժամանակ:

Փարիզի մէջ տեղակայուած իրաւապշտպան կազմակերպութիւնը նշած է, որ Սուրիոյ մէջ լրագրողներու գլխատումները ցոյց կուտան թէ ինչպիսի վտանգներու հետ առընչուած են լրագրողները, պատերազմական գօտիներու մէջ իրենց աշխատանքային պարտականութիւնը կատարելու ժամանակ:
«Լրագրողները սպաննուած են այնպիսի բարբարոս քարոզչութեան պատճառով, որ «շոք»ի մէջ ձգած է ամբողջ աշխարհը» գրուած է կազմակերպութեան հրատարակած զեկոյցին մէջ:
Նշենք, որ 2014ին լրագրողներու առեւանգման դէպքերը աճած են 37%ով:

Ատրպէյճանը՝ Եւրոպայի ամէնէն մեծ բանտը

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կայ Ատրպէյճանի մասին, ուր յատկապէս նշուած է թէ «Եւրոպայի ամէնէն մեծ բանտն է լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար»: Զեկոյցի հեղինակները ընդգծած են հետաքննող լրագրող Խադիճա Իսլայլովի պարագան, որ կը շարունակէ կալանքի տակ մնալ: