Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Անցնող շաբաթավերջը եզակի օր մը եղաւ ընդհանրապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու յատկապէս Ապու Տապիի հայ համայնքին համար։ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կայք հաստատած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւաքական հաւատքին, սիրոյն ու կամքին գործնական արտայայտութիւնն է։

Արդարեւ, 1998-ին, Շարժայի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծումէն ետք, Ապու Տապիի մէջ նաեւ եկեղեցի մը ունենալու կարիքը դարձած էր զգալի։ Երբ վերոնշեալ թուականին, Նորին Սրբութիւնը այցելած էր Միացեալ Էմիրութեանց օրուան նախագահ Շէյխ Մուհամմէտ Զայէտին, անոր ներկայացուցած էր մայրաքաղաքին մէջ հողաշերտ մը ունենալու եւ անոր վրայ եկեղեցի կառուցելու հայ համայնքին փափաքը։ Ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետին առաջարկին, Շէյխ Զայէտ տրամադրած էր անհրաժեշտ հողատարածքը եւ նուիրած հարիւր հազար ամերիկեան տոլար՝ եկեղեցւոյ շինութեան համար։ Ահա, վերջին տասնամեակի ընթացքին, շրջանի հոգեւոր առաջնորդներու հովանաւորութեամբ ու քաջալերանքով եւ Ազգային Վարչութեան ու խումբ մը բարերարներու հետապնդումով՝ հանգրուանային կերպով իրագործուեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան ծրագիրը։ Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, մօտէն հետեւեցաւ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն եւ կատարեց անհրաժեշտ ցուցմունքները։
Եկեղեցին կառուցուած է հայկական ոճով: Անոր կից կը գտնուին Ազգային Առաջնորդարանն ու վարժարանը՝ իրենց յարակից սրահներով եւ այլ բաժիններով ու յարմարութիւններով։ Փաստօրէն, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին ամբողջական համալիր մըն է՝ իր կառատունով ու պարտէզով, որուն մէջ այցելողներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խաչքարը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանը եւ Հայոց Այբուբենը ներկայացնող յուշակոթող մը։
Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր շուքով՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Օրուան պատարագիչն էր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական գրասենեակի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ.Մանուէլեան եւ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան։

Յայտնենք, որ արարողութեան նաեւ ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները, Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանները, այլ գաղութներէ ժամանած ազգայիններ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Հանդիսաւոր թափօրով Վեհափառ Հայրապետը մուտք գործեց եկեղեցի ու անմիջապէս սկսաւ եկեղեցւոյ օծման կարգը։ Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը օծեց եկեղեցւոյ Ս. Սեղանն ու խորանը համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան։ Յետոյ, չորս աւետարանիչներու անունով օծեց եկեղեցւոյ չորս գլխաւոր սիւները, որմէ ետք Սեպուհ, Բաբգէն ու Շահէ Սրբազաններ յաջորդաբար օծեցին աւանդատուները, մայր դուռը եւ եկեղեցւոյ մնացեալ սիւները՝ Ս. Բարթուղիմէոս, Ս. Թադէոս, Ս. Սիմէոն, Ս. Մատաթիա, Ս. Պետրոս, Ս. Անդրէաս, Ս. Փիլիպպոս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Պօղոս, Ս. Յակոբոս, Ս. Թովմաս, Ս. Յակոբոս Ալփեան առաքեալներուն ու սուրբերուն անունով։
Ապա, նորաօծ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւն։
Անդրադառնալով եկեղեցւոյ անունին՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մենք Սրբոց Նահատակաց անունով մկրտեցինք այս եկեղեցին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, որպէս յիշեցում մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ մեր նահատակները իրենց հաւատքով ու կտակով մաս պէտք է կազմեն մեր ամէնօրեայ կեանքին ու պայքարին։ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը յիշեցում մըն է իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան, թէ մենք պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ նահատակներու պատգամին՝ արդարութիւն պահանջելով ցեղասպանէն ու աշխարհէն։ Քանի մը ամիսներ առաջ, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին քանդուեցաւ նոյն ցեղասպանին զօրակցութեամբ. թող աշխարհը իմանայ, որ պատմութեան ընթացքին մեր եկեղեցիներն ու վանքերը քանդուեցան, սակայն անոնց փոխարէն մեր ժողովուրդը նորերը կառուցեց։ Այսօր եւս, մենք նոր Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի շինեցինք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը գիտէ քանդումը շինութեամբ ու մահը կեանքով նուաճել»։
Պատարագէն ետք, Վեհափառը օրհնեց եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին բաձրացած խաչքարը՝ բարերարութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Գեղամ Ղարիպջանեանի եւ միւս արձանները, որոնք կառուցուած են Տիար Արա Խանոյեանի բարերարութեամբ: