Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը սպանական «Վեկա Մետիա Փրես» լրատուամիջոցի հայկական բաժինը՝ սպանախօս երկիրներուն պիտի ներկայացնէ քանի մը տասնեակ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ, յօդուածներ Մեծ եղեռնին վերաբերեալ:

Նախաձեռնութեան հեղինակ Արթուր Ղուկասեանը կը շեշտէ, որ յօդուածաշարքը շատ լաւ առիթ է, որպէսզի օտարերկրացիները խօսին Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման անհրաժեշտութեան մասին: «Այս յօդուածներու շնորհիւ ոչ միայն Սպանիոյ, այլեւ սպանախօս երկիրներու մէջ պիտի քննարկուի հարցը, պիտի ներկայացուի հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենաողբերգական էջը, եւ այդ երկիրներու հասարակութիւնները տեղեակ պիտի ըլլան մէկ դար առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին»,- ըսած է Արթուր Ղուկասեան՝ աւելցնելով, որ յօդուածաշարքը պիտի շարունակուի լոյս տեսնել մինչեւ 24 Ապրիլ 2015 թուականը:
Ուրուկուայցի գիտնական Կոնզալօ Պերերան «Ես նոյնպէս հայ եմ» յօդուածաշարին մէջ կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան եւ թուրքերու վերջին զոհին՝ Հրանդ Տինքի մասին: «Արդարութիւն» անուանումը կրող պատմուածքով արժանթինցի գրող Լուսիանօ Անտրես Վալենսիան կը պատմէ Սողոմոն Թեհլերեանի մասին: Մեքսիկացի պատմաբան Ժան Մէյերը «Մահուան եզրին» վերլուծական յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու վկայութիւնները:
ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարին բաց նամակով դիմած է Մեծ Եղեռնին նուիրուած եռագրութեան հեղինակ, սպանացի գրող Կոնզալճ Կուարչը:
Կը նախատեսուի յառաջիկային յօդուածաշարքը ներկայացնել նաեւ գիրքի տեսքով: