Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Շաբաթ, Նոյեմբեր 22ին, գարունէն «գողցուած» այդ օրը, անոնք որոնք Սեւրի Սամուէլ-Մուրատ Վարժարանի եւ Շաւիլի եկեղեցւոյ հրաւէրին ընդառաջելով եկեր էին Մխիթարեաններու կրթական դարաւոր ոստանը, անկասկած չզղջացին:

Նախ տեղի ունեցաւ դպրոցին պարտէզին մէջ զետեղուած խաչքարին բացումը, որ հանդիսացաւ նաեւ ձեւով մը՝ Սեւր-2015 նախագիծին խորհրդանշական հիմնարկէքը: Ներկայ էին Շաւիլի քաղաքապետ Պ. Կիյէ, շրջակայ քաղաքապետարաններու ներկայացուցիչներ. հոն էին նաեւ Հայ նախկին ռազմիկներու միութեան դրօշակիրները, Սամուէլ-Մուրատի խումբ մը աշակերտներ, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը: Սեւրի քաղաքապետը եւ Գլամարի նախկին քաղաքապետ, ծերակուտական Պ. Քալթընպախ չէին կրցած ներկայ ըլլալ, յղած էին ներողութեան գիրեր:
Բացման խօսքը արտասանեց Շաւիլի եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութեան կողմէ Պ. Հրայր Հրաչեան: Ան բացատրեց, թէ ծանօթ նկարիչ Էտկար Շահինի տղան՝ Փիէր Շահին այս խաչքարը նուիրած էր Շաւիլի եկեղեցւոյ եւ եկեղեցին ալ արդէն ունենալով խաչքար մը -նաեւ սահմանափակ տեղի պատճառով- իր կարգին զայն նուիրած էր Սեւրի վարժարանին: Փիէր Շահին այդ խաչքարի պատրաստութիւնը պատուիրած էր 1997ին, իր հօր մահուան 50ամեակին առթիւ: Սամուէլ-Մուրատի տեսուչ Հ.Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի «Հայր Մեր»էն եւ Շաւիլի հոգեւոր հովիւ Հայր Գուրգէն Աղապապեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք խաչքարը քօղազերծեցին Պ. Փիէր Շահին եւ Պ. Ժան-Ժագ Կիյէ:
Հոս անհրաժեշտ է յիշել, որ խաչքարի այս նախաձեռնութիւնը կը պարտինք Հ. Գուրգէնին, որ երկու տարի առաջ՝ ծանօթանալէ ետք Փիէր Շահինին, հիմը դրած է այս ծրագրին:
Ապա ներկաները հրաւիրուեցան այցելելու վարժարանին վերնայարկին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէս-վաճառքին, ուր ներկայացուած էին մտերիմ բարեկամներ՝ Էտկար Շահինի եւ Տիգրան Փոլատի փորագրանկարները, ինչպէս նաեւ Փոլատի աւելի մեծ չափով պատկերազարդումներու շարքով պատրաստուած «Յիսուսի Խաչի ճամբուն 14 կայանները» ալպոմը: Այս երկու արուեստագէտներէն առաջինին անունը աւելի ծանօթ է հանրութեան, քան՝ երկրորդինը, բայց երկուքին ալ ստեղծագործութիւնները հաւասարապէս հրաշալի են եւ շատերուն համար ալ եղան նոյնքան հաճելի յայտնութիւն: Այս գործերը վարժարանին նուիրած է Փիէր Շահին. վաճառքին հասոյթը պիտի յատկացուի Շաւիլի եկեղեցւոյ եւ անոր «Լեւոն Շանթ» դպրոցին, որ իրականութեան մէջ տեսակ մը հատուցումը պիտի ըլլայ խաչքարի փոխադրութեան եւ զետեղման առընչուող ծախսերուն:
Առանց գովազդային դոյզն նպատակի, կրնանք ըսել, որ այս ցուցահանդէսին հրամցուած գործերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ եւ հարազատ ստեղծագործութիւն է, աւելի քան մատչելի գիներով կ'առաջարկուին այցելուներուն:
Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան հոս եւս կարճ բացման խօսք մը արտասանելէ ետք հրաւիրեց արուեստաբան Պ. Լեւոն Չուգասըզեանը արտայայտուելու: Ան խօսեցաւ յատկապէս Էտկար Շահինի մասին, նշելով, որ աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու թանգարաններուն եւ ցուցասրահներուն համար փնտռուած գործեր են անոր արուեստին արգասիքները: Շատ կարճ ձեւով արտայայտուեցան նաեւ Փիէր Շահին, Փոլատի թոռնուհին եւ ACAM-ի նախագահ Պ. Ֆիլիփ Փիլիպպոսեան:
Այս ելոյթներէն ետք, մինչ շատեր կը փութային ցուցահանդէսի պատասխանատուներուն մօտ՝ վերապահելու համար իրենց նախընտրած գործերը, ուրիշներ կը շարունակէին տեսողական վայելքը, իսկ անոնք որոնք աւարտած էին այցելութիւնը կը հիւրասիրուէին վարի յարկը զետեղուած սեղաններու շուրջ ընդունելութեան, որ հաճելի վերջակէտը հանդիսացաւ այս հաճելի օրուան: