Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԹՈՒՐՔԻԱ
ՊՈԼՍՈՅ ՓՈՂՈՑՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՊԻՏԻ ԿՈՉՈՒԻ
ԴԵՐԱՍԱՆ ՆՈՒՊԱՐ ԹԷՐԶԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ թրքական շարժարուեստի անցեալի ծանօթ դէմքերէն Նուպար Թէրզեանի անունը պիտի տրուի Պոլսոյ Վոսփորի ափին գտնուող Պիւյիւքտէրէի փողոցներէն մէկուն:

Նուպար Թէրզեանի բնակած Պիւյիւքտէրէ թաղի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան բազմաթիւ դիմումները ի վերջոյ արդիւնք տուած են եւ երբեմնի հայաշատ այդ շրջանին թաղապետութիւնը ընդառաջելով, որոշած է տեղւոյն փողոցներէն մէկը կոչել Նուպար Թէրզեանի անունով: Մօտ օրէն պաշտօնապէս տեղի պիտի ունենայ ցուցատախտակին զետեղումը:
Նուպար Թէրզեան ծնած է 1909ին: Դերասանի իր ասպարէզը սկսած է Պոլսոյ հայկական թատերական շրջանակներուն մէջ: Սակայն, իշխանութիւններուն կողմէ վերջիններուս դէմ դրուած արգելքէն ետք ան մտած է թրքական թատերախումբեր: 1936էն մինչեւ իր մահը՝ 1994, խաղացած է թրքական բազմաթիւ ժապաւէններու մէջ, հեռատեսիլէն ալ մարմնաւորած է անթիւ կերպարներ:

 

Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Հրդեհը
Ոչ Թէ Ելեկտրական Խանգարումի Արդիւնք Եղած Է,
Այլ Կանխամտածուած Հրկիզումի

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասի հայկական եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառը բացայայտուած է: Նախապէս կատարուած ենթադրութիւնները, թէ հրդեհը բռնկած է տեղադրուած տօնածառի լոյսերու կարճ միացման պատճառով, հերքուած է. եկեղեցին հրդեհած են դիտումնաւոր կերպով:
Եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսախցիկները տեսագրած են, թէ ինչպէ՛ս կասկածեալը կը մտնէ եկեղեցի եւ կը հրկիզէ զայն: Կասկածեալը ձերբակալուած է: Ի յայտ եկած է, որ ան նախապէս դարձեալ այդպիսի արարքներ կատարած է:
Կը հաղորդուի, որ հրդեհին պատճառով հազարաւոր կրօնական գիրքեր ու խտասալիկներ հրկիզուած են:

 

ԴԱՄԱՍԿՈՍ
Համալսարանի Նախագահը
Բացումը Կը Կատարէ Հայկական Մշակութային Օրերուն

Դամասկոսի Համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական մշակութային օրերուն «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի կազմակերպած «Լեզուներն ու քաղաքակրթութիւնները» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, որուն մէջ նկատի առնուած են նաեւ Պարսկական եւ Ռուսական մշակութային օրերը:
Ներկայ էին Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Հասսան Քուրտին, Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, Բանասիրութեան բաժանմունքի ղեկավար Խալետ Հալպունի, համալսարանի բաժիններու տնօրէններ, Իրանի եւ ռուսական մշակութային կեդրոններու ներկայացուցիչներ, դասախօսներ, ուսանողներ եւ բազմաթիւ հետաքրքրուողներ:
«Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի նախագահ դոկտ. Մեյսաա Սիուֆի Հայկական մշակութային օրերը բացուած յայտարարեց, իսկ Հայկական բաժինի պատասխանատու դոկտ. Նորա Արիսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի պատասխանատուներուն հայերէն լեզուի ներարման համար եւ շեշտեց մշակոյթներու բազմազանութեան կարեւորութիւնը:
Նախ ներկայացուեցաւ Հայաստանի մատենադարանին մասին կարճ ժապաւէնը, ապա հրաւիրեցուաւ ՀՀ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը՝ դասախօսութիւն կարդալու «Հայաստանը արաբ իսլամական պատմութեան մէջ» վերնագիրով: Ան անդրադարձ կատարեց Հայաս- տանի եւ արաբական երկիրներու միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն եւ արաբ պատմագիրներու ու աշխարհագիրներու դերակատարութեան:
Ապա ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Հասսան Քուրտիի եւ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանի ձեռամբ:
Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէր հայերէն լեզուի եւ գրականութեան արաբերէն լեզուով գիրքեր, Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի հրատարակութիւններ, հայկական տարազներ, Հայաստանի մասին լուսանկարներ, մատենադարանին մէջ ցուցադրուած հայկական մանրանկարչութեան նմուշներ եւ արաբերէն լեզուով ձեռագիրներու նմուշներ:
Առաջին օրուան օրակարգին մէջ ներկայացուեցան Արեւելագիտութեան մասին ճանաչողական ժապաւէն եւ Սուրիական պատկերասփիւռի «Հայաստանը՝ երէկ եւ այսօր» ժապաւէնը:

 

ԻՐԱՆ
«Թեւանիկ»-ը Նոր Ջուղայի մէջ

Մէկ տարի՝ «Ընդհատուած մանկութիւն» ֆիլմի ցուցադրումէն ետք, Ջիւան Աւետիսեանը նոյն Հ.Մ.Ա.Կ.-ի «Կոմիտաս» սրահին մէջ թեհրանահայ հանդիսատեսի դատին յանձնեց իր առաջին լիամետրաժ ֆիլմը՝ «Թեւանիկ»-ը:
Արցախեան գոյամարտի մեկնարկային շրջանին տիրող իրարանցումներուն ու մարդկային յարաբերութիւններով դրուագային պատմութիւնն է «Թեւանիկ»ը, որ այս շրջանին կը ցուցադրուի ամէն տեղ:
Ֆիլմի ցուցադրումէն յետոյ Ջիւան Աւետիսեան խօսելով ներկաներուն նշեց, որ ուրախ է, որ իրանահայ հանդիսատեսի ներդրումը նոյնպէս կայ «Թեւանիկ»-ի պատրաստման գործին մէջ: Ան աւելցուց նաեւ, որ ֆիլմին մէջ նկարագրուած բոլոր պատմութիւնները վերցուած են իրական դէպքերէ եւ կը կրեն վաւերագրական շունչ: