Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՊԸՐՔԼԻ, Քալիֆորնիա, «Էյ.Փի.».- Մինչ Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ վերջերս տեղի ունեցած սպիտակամորթ ոստիկաններու կողմէ անզէն սեւամորթ քաղաքացիներու սպանութենաց դէմ խաղաղ ցոյցերը կը շարունակուին, անոնք Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին վայրագ բնոյթ ստացան Պըրքլիի մէջ, երբ ոստիկաններ ուժի դիմեցին՝ ազատուղի մը եւ երկաթուղագիծ մը փակած ցուցարարները հեռացնելու համար։ Ոստիկանութիւնը նաեւ առնուազն 159 ցուցարարներ ձերբակալած է։