Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ, ահաբեկչութեան մէջ կասկածուող անձերու դէմ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ իրականացուող բռնութիւններու մասին զեկուցումի հրապարակման նախօրեակին, ուժեղացուցած են իրենց դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն անվտանգութիւնը:

Ուաշինկթըն կը զգուշանայ, որ այդ փաստաթուղթը որոշ երկիրներու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ արաբական արեւելքին մէջ, զայրոյթի պատճառ պիտի դառնայ եւ պիտի յանգեցնէ ամերիկեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու դէմ յարձակումներու: «Հաւանական է, որ զեկուցումին հրապարակումը ամբողջ աշխարհի մէջ աւելցնէ ամերիկեան բոլոր հաստատութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն ուղղուած ամբողջ վտանգը», յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ բանբեր Ճոշ Էռնեսթ:
Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ միջոցառումներու պիտի ձեռնարկեն անվտանգութիւնը ապահովելու համար: